Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ըստ Փէնթակոնի, վերջին օրերուն Իրան օդային բազմաթիւ հարուածներ հասցուցած է «Իսլամական Պետութեան» արեւելեան Իրաքի մէջ հաստատուած դիրքերուն: Թէեւ Թեհրան չէ հաստատած, բայց ան բազմաթիւ յայտարարութիւններով արտայայտած էր ահաբեկչական այդ կազմակերպութեան դէմ պայքարելու իր վճռակամութիւնը, մինչ ԱՄՆ կը թուի թաքուն կերպով ընդունիլ անսպասելի այդ նեցուկը:
«Ալ-Ճազիրա» հեռատեսիլին կողմէ սփռուած պատկերներուն մէջ երեւցող սաւառնակները կը նմանին F-4 տիպի «Ֆանթոմ»ներու, որոնք կը գործածուին իրանեան օդուժին կողմէ: Այս հալածիչները կը ռմբակոծեն թիրախներ իրաքեան Տիյալա գաւառին մէջ, որ սահմանակից է Իրանի:
Պաշտօնապէս, իրանեան այս հարուածները Միացեալ Նահանգներու հետ համաձայնութեան մը արդիւնքը չեն, այդուամենայնիւ անոնք կ’ապացուցեն, որ Թեհրան որքա՛ն ընդգրկուած է հասարակաց թշնամիին դէմ պայքարին մէջ, թշնամի մը, որ կը սպառնայ երկու երկիրներու ալ շահերուն: Մինչ Իրան եւ ԱՄՆ բազմաթիւ անգամներ միասնաբար վիճարկեցին ԻՊ-ի դէմ պայքարի անհրաժեշտութեան նիւթին մասին, ինչպէս օրինակ իրանեան հիւլէական ծրագրին շուրջ տարուած բանակցութիւններու առիթով, Ուաշինկթըն միշտ ալ հերքած է երկու երկիրներու միջեւ զինուորական որեւէ գործակցութիւն: Նոյնն է պարագան իրանեան կողմին ալ, որու բարձրաստիճան պատասխանատուներէն մէկը, որ չէ ուզած յայտնել իր ինքնութիւնը, Դեկտեմբեր 3ին բացարձակապէս հերքած է նման գործակցութեան որեւէ հեռանկար Ամերիկացիներուն հետ:
Բացի օդային այս հարուածներէն, Իրանեան բանակը ցամաքի վրայ ալ բաւական գործօն է «ԻՊ»ի դէմ: Ան կ’աջակցի շիի պահակազօրքերուն, ինչպէս նաեւ իրաքեան բանակին: Իրան հրացաններով եւ հրասանդերով օժտած է իրաքեան զինեալ ուժերը: Ան նաեւ Իրաքի տրամադրութեան տակ դրած է «Սուխոյ» հալածիչներ: