Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հոկտեմբեր 21-ին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան եւ Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի տնօրէն Ռուբէն Գույումճեան Օթթաուայի մէջ նախածրագրուած յատուկ հանդիպում մը ունեցան Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Ճոն Պէյրտի հետ: Հայ Դատի պատուիրակութիւնը առաջին հերթին

շնորհաւորեց Գանատայի իշխող կուսակցութեան՝ պահպանողականներու արձանագրած յաղթանակը վերջին ընտրութիւններու ծիրէն ներս եւ վերստին շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով գանատական կառավարութեան   սկզբունքային կեցուածքին համար: Նախարարին յանձնուեցան նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին մասին յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած թղթածրարներ:
Հայաստան-Գանատա քաղաքական-տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման անդրադառնալով, յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Տօնապետեան շեշտեց Հայաստանի մէջ գանատական դեսպանատուն մը հաստատելու անհրաժեշտութիւնը: Դեսպանատան հարցին առնչութեամբ նախարարը դրականօրէն արտայայտուեցաւ, յայտնելով, որ նման նախաձեռնութիւն մը աւելի պիտի ամրապնդէ երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները:
Հանդիպման աւարտին, Րաֆֆի Տօնապետեան նախարարին զեկուցեց Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան աշխատանքներուն մասին: