Արամ Ա. կաթողիկոսի հովուապետական այցելութիւն Արաբական Էմիրութիւններ
Անցեալ շաբաթավերջին սկսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովուապետական այցելութիւնը Միացեալ Էմիրութիւններ: Վեհափառը ժամանեց Տուպայ, ընդառաջելով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի Թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանին եւ
Ազգային Իշխանութեան հրաւէրին: Օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ Վեհափառ Հայրապետը խօսք առնելով ողջունեց Արաբական Էմիրութեանց մէջ ապրող հայորդիները, որոնք շնորհիւ պետութեան ցուցաբերած լայնախոհութեան, կազմակերպած են իրենց ազգային-եկեղեցական կեանքը՝ վայելելով ազատութիւններ: Վեհափառը յիշեցուց, թէ տասնվեց տարիներ առաջ օծումը կատարած է Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ այս անգամ կու գայ Ապու Տապիի մէջ նորակերտ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ օծումը կատարելու: Հայաստանի եւ Լիբանանի դեսպանները եւս խօսք առնելով ողջունեցին Վեհափառ Հայրապետին ժամանումը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ
Ուրբաթ, 5 Դեկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ, պատարագ տեղի ունեցաւ Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը ուղղեց հաւատացեալներուն, խօսելով քրիստոնէական հաւատքի մասին: Ան ըսաւ թէ քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ Քրիստոսի հետեւիլ: «Քրիստոսի ճանապարհը սիրոյ, զոհողութեան, հաւատարմութեան ու ծառայութեան ճանապարհն է: Մեր ժողովուրդը այս գիտակցութեամբ որոշեց քրիստոնեայ մնալ: Այսօր, մենք ալ որպէս նոյն ժողովուրդին զաւակները պէտք է նման գիտակցութեամբ քրիստոնէական հաւատքը ապրինք, մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ»:
Շարունակելով իր խօսքը Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ «հաւատալ» եւ «պատկանիլ»: Վերջին ժամանակներուն, Արեւմուտքի մէջ ճիգ մը գոյութիւն ունի քրիստոնէական կեանքի այս երկու տարածքները իրարմէ անջատելու. այլ խօսքով՝ մտածողութիւն մը սկսած է զարգանալ, որուն համաձայն հաւատալու համար անհրաժեշտութիւն չէ եկեղեցւոյ պատկանիլ: Վեհափառ Հայրապետը այս մօտեցումը նկատեց նոր օրերու հերետիկոսութիւն եւ ըսաւ. «Եկեղեցին Քրիստոսի խորհդական մարմինն է: Քրիստոսի հաւատալ կը նշանակէ իր խորհրդական մարմնին անդամ ըլլալ եւ մասնակից դառնալ անոր կեանքին ու առաքելութեան: Եկեղեցիէն դուրս քրիստոնեայ չի կրնար ըլլալ»:
Նոյն օրը երեկոյեան, Տուպայի գաղութէն ներս գործող բոլոր մարմինները՝ աւելի քան հարիւր ազգայիններ, հաւաքական ընթրիք մը ունեցան: Ընթրիքի աւարտին Վեհափառը լայնօրԷն անդրադարձաւ գաղութին կեանքը աւելի կազմակերպելու միջոցներուն ու կարելիութիւններուն: Ան իր մտածումներն ու թելադրանքները կեդրոնացուց երեք բառերու շուրջ.- առաջնահերթութիւն, կազմակերպուածութիւն եւ նուիրուածութիւն:
ՇԱՐԺԱ-ՏՈՒՊԱՅԻ ՕՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ԱԶԳ. ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ
Շաբաթ առաւօտուն, Շարժա-Տուպայի Օհաննէսեան Ազգ. Վարժարանի աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի վարժարան այցելութիւնը։ Աւելի քան 200 աշակերտութիւն ունեցող յիշեալ վարժարանին բացումը կատարուած էր Վեհափառ Հայրապետին կողմէ տասնութ տարիներ առաջ։
Դպրոցին աշակերտ-աշակերտուհիները հայկական երգերով, պարերով ու արտասանութիւններով ոգեւորեցին մթնոլորտը։