Շաբաթ օր, Հոկտեմբեր 22ին պատկառելի արարողութեամբ տեղի ունեցաւ Տիգրանակերտի հայկական Սուրբ Կիրակոս վերանորոգուած եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը: Ներկայ էր Պոլսէն կղերականաց բազմանդամ դաս մը՝ բնիկ տիգրանակերտցի, պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան, Սահակ եպս. Մաշալեան, Թաթուլ Ծ. վրդ. Անուշեան, Զաքէոս
Ծ. վրդ. Օհանեան, իսկ արտասահմանէն՝ Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան, Ամերիկայի եկեղեցեաց նախագահ Վիգէն արք. Այքազեան, Հալէպի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, Աւստրալիոյ առաջնորդ Հ. Հայկազուն Նաճառեան, ինչպէս նաեւ քահանայ հայրեր եւ մօտաւորապէս 25 սարկաւագներ: Ներկայ էին նաեւ ուղղափառ յոյն, կաթողիկէ եւ ասորի կղերականներ:
Սրբազանները օծեցին Սուրբ Կիրակոսի հինգ խորանները, ներկայութեան՝ աւելի քան 1500 հաւատացեալներու եւ հիւրերու, որոնք եկած էին Պոլիսէն, Ֆրանսայէն, Ամերիկայէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն եւ Հայաստանէն:
«Հոս հանդուրժողութիւն չէ որ ցոյց պիտի տրուի ձեր նկատմամբ՝ այլեւ՝ յարգանք»
Իրիկունը տեղի ունեցաւ ընթրիք, քանի մը հարիւր հոգիի մասնակցութեամբ: Ներկայ էին զոյգ քաղաքապետները՝ Տիգրանակերտի Մեծ քաղաքի եւ ներքնաբերդի: Մեծ քաղաքի քաղաքապետը՝ Օսման Պայտէմիր շատ տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ: Ինչպէս արդէն ըսած էր անցեալին, անգամ մը եւս կրկնեց՝ «Հոս՝ ձե՛ր տեղն է: Եկէ՛ք: Այստեղ հանդուրժողութիւն չէ որ ցոյց պիտի տրուի ձեր նկատմամբ, այլեւ՝ յարգանք: Եկէք ու վերաստեղծենք բազմամշակոյթ ընկերութիւն մը»:
Յաջորդ օր, Կիրակի 23 Հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10ին տեղի ունեցաւ անդրանիկ պատարագը, երգեցողութեամբ՝ Պոլսոյ Ֆէրիգիւղի «Սուրբ Վարդանանց» երգչախումբին: Ներկայ էր նախորդ օրուան նոյն հոծ բազմութիւնը: Շատ տպաւորիչ էր եւ յուզիչ՝ աւելի քան հազար հոգիի բերնէն միաբերան լսել՝ «Հայր Մեր»ը:
Արամ սրբազան իր քարոզին սկիզբը խօսեցաւ Սինէոմ Լեհացիի մասին, որ իր «Ուղեւորութեան» մէջ (ԺԷ դար) կը յիշէ այս եկեղեցին, զայն նկարագրելով զմայլանքով:
Պատարագի ընթացքին յիշատակը վեր առնուեցաւ այն բոլոր կղերականներուն, որոնք սպասարկած են Տիգրանակերտի մէջ: Պատարագէն վերջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան մը:
1 միլիոն տոլար եւս պէտք է տրամադրել եկեղեցւոյ վերանորոգութեան համար
Եկեղեցւոյ բակին մէջ բացուած է փոքր ցուցահանդէս մը, Օսման Քէօքէրի տրամադրած լուսանկարներով: Ցուցահանդէսը կը պատմէ Տիգրանակերտի հայերու մասին:
Արարողութեան ժամանակ, եկեղեցւոյ շուրջ առնուած էին ապահովութեան խիստ միջոցներ: Ինչպէս յայտնի դարձաւ եկեղեցւոյ վերանորոգութիւնը իր լրումին հասցնելու համար դեռ հարկ է տրամադրել 1 միլիոն տոլար:
«Բարի եկաք ձեր տուները»
Քաղաքին մէջ, ամէն տեղ կարելի էր տեսնել հայերէն, թրքերէն, քրտերէն եւ անգլերէն «Բարի եկաք ձեր տունը» արձանագրութիւնը կրող պաստառներ:
Զգալի էր քրտական կողմին քաղաքական պատրաստակամութիւնը եւ քաղաքին մէջ զուգահեռաբար նկատելի էին խանդավառութիւնն ու անտարբերութիւնը, երբեմն նոյնիսկ թշնամական կեցուածքներով: Վկայ եղանք անոնցմէ մէկուն, երբ անցորդ մը կÿըսէր՝ «Ք... իրենց եկեղեցիին մէջ»...:
Տիգրանակերտի հայկական կալուածներու վագըֆը (հիմնադրամը) կÿաշխատի բարենորոգել ազգապատկան միւս կալուածներն ալ, ինչպէս օրինակ Սուրբ Սարգիս եկեղեցին, որ Սուրբ Կիրակոսի նախկին վիճակէն ա՛լ աւելի գէշ վիճակի մէջ կը գտնուի, ինչպէս նաեւ խանութներ: Հայկական կալուածներու հիմնադրամը իրաւաբանական պայքար կը մղէ գրաւեալ կալուածները ետ առնելու համար
Ա. Ք.
«Նոր Յառաջ»
«Բարի Եկաք Ձեր Տունը»
Հոկտեմբեր 23ը կոչուած է, իբրեւ անմոռանալի պատմական օր՝ անջնջելի տեղ գրաւելու համար մեր յիշողութիւններուն մէջ։ Անմոռանալի օր՝ համազգային համախմբումի եւ սրտակցութեան, կրօնական գետնի վրայ հասարակաց բիւրեղացեալ ապրումներու տեսակէտէն։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, ուխտաւորները պատրաստ էին ապրելու այս մեծ փորձառութիւնը, որ մասի նման իրենց պիտի բաշխուէր պատմութեան մը կերտումին իրենց բերած մասնակցութեան համար։
Պոլսոյ հայ համայնքի պարծանք՝ Ս. Վարդանանց երգչախումբը, Ատրուշան Հալաճեանի ղեկավարութեան ներքեւ, հոգեգրաւ երգեցողութեամբ թնդացուց եկեղեցւոյ նորակառոյց կամարները։ Երգեհոնը կը նուագէր երգչախումբի գեղաձայն երգչուհին՝ Լիւսի Գահվէճիօղլու։
Իբրեւ հիւր հոգեւորական ներկայ էր Ատըեամանի ասորիներու առաջնորդ Մելքի Եիւրեք եպիսկոպոսը եւ յունաց պատրիարքի ներկայացուցիչ Տոսի-թէոս քահանան։
Եկեղեցւոյ մէջ ներկայ էին պետական դէմքեր եւ բարերարներ։ Ներկայ էր Տիգրանակերտի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիր, Եւրոմիութենէն պատասխանատու պատուիրակութիւն մը, փոքրամասնական համայնքներու ներկայացուցիչ Լաքի Վինկաս եւ այլ հիւրեր, օտար յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ ու վերջապէս խուռներամ բազմութիւն մը։
Օրուան Ս. պատարագը մատուցեց ու քարոզեց Արամ սրբազանը՝ հայերէն, ապա՝ թրքերէն։ Աւարտին ան քրտերէն բարեմաղթութիւն մը կատարեց՝ արժանանալով ծափողջոյններու։
Այնուհետեւ, Արամ սըրբազանի ձեռամբ լանջախաչ տրուեցաւ Իսկենտերունի եւ Վաքըֆլը գիւղի քահանայ Աւետիս Թապաշեանի։ Աւարտին կատարուեցաւ ընդհանուր խոստովանութիւն՝ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի կողմէ։
Այդ օրը, Ս. Կիրակոս եկեղեցի եկած էին աշխարհի չորս ծագերէն հայեր՝ աւելի քան 1000 հոգի։ Հետաքրքրական է այն, որ այս ուրախութիւնը կը բաժնէին ոչ-հայեր եւս։ Արդարեւ, ներկաներուն մէջ կային քիւրտեր, ասորիներ, արաբներ, ինչպէս նաեւ թուրքեր։
Յատուկ ուշադրութիւն կը գրաւէին մասնաւորաբար կարգ մը քիւրտեր ու թուրքեր, որոնք եկած էին Ուրֆայէն, Ատանայէն, Մարտինէն ու Թուրքիոյ զանազան նահանգներէն, որոնք իրենց արեան կանչի աղերսանքէն հա-լածուած՝ եկած էին յարգելու յիշատակը իրենց կրօնափոխ ու ազգափոխ նախնիներուն։
Ծանօթութիւն հաստատեցինք անոնց հետ, մեր աչքերը շեշտակի սեւեռե-ցինք անոնց աչքերուն վրայ եւ նմանութիւնները որոնեցինք անոնց ու մեր միջեւ։ Մեր վրայ խոր ազդեցութիւն գործեց պէյրութահայ Յակոբ Պճըրլճեանը, 86 տարեկան, որ իր յուզումէն կը դողդղար կարծես, քանի որ ան ծներ է Տիգրանակերտ ու մկրտուեր է Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ։ Ան կը պատմէր, որ երկու տարեկանին ծնողքը զինք տարեր է Հալէպ, ապա՝ Պէյրութ։
Ներկաներուն մաս կը կազմէին թուրք նշանաւոր մտաւորականներ Օսման Քէօքեր, Օսման Քավալա, Ռակըպ Զարաքօլու, երեսփոխան Լէյլա Զանա եւ բազմաթիւ ուրիշներ։ Հայաստանէն Ազգային ժողովի երեսփոխան Արագած Ակոյեանի գլխաւորութեամբ եկած էր 47 հոգիէ բաղկացեալ խումբ մը, այս կարգին՝ Հայաստանի արտաքին գործոց առաջին նախարար Ռաֆֆի Յովհաննէսեան։
Եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ Օսման Քէօքերի կողմէ պատրաստուած էր շատ հետաքրքրական ու իմաստալից ցուցահանդէս մը։ Կը պատմուէր, թէ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ պատմութիւնը կը հասնէր մինչեւ 14րդ դար։ Եկեղեցին նոյն ատեն առաջնորդարան էր: 1914ին, կայծակի մը պատճառով, զանգակատունը փուլ եկած է։ Ս. Կիրակոսի նշանաւոր սրածայր զանգակատունը, որ քաղաքին բոլոր մզկիթներու աշտարակներէն բարձր էր, 1916ին փլցուեցաւ կառավարութեան կողմէ։ Տիգրանակերտի մէջ կային երկու վարժարաններ՝ Ս. Կիրակոս եւ Ս. Սարգիս։ Այս վարժարանները կը յաճախէին 884 աշակերտներ՝ 560 մանչ եւ 324 աղջիկ։ Այս բացատրութիւններուն կցուած էր 1893ի պատկեր մը, ուր նախակրթարանի աշակերտներ նկարուած էին իրենց ուսուցիչին՝ Յովհաննէս Նաճարեանի հետ։ Ցոյց կը տրուէր այն գունաւոր կեանքը, զոր հայերը ունէին 1915էն առաջ, ինչպէս Անատոլուի բազմաթիւ քաղաքներու, նոյնպէս ալ Տիգրանակերտի մէջ։
Ժամը 4:30ին, հոգեւորականները երկար թափօր մը կազմած՝ զոյգ կողմերէն սարկաւագներու ընկերակցութեամբ ուղղուեցան դէպի եկեղեցւոյ մայր դուռը։ Հոս, Տիգրանակերտի մէջ եկեղեցիին դուռը կը բացուէր ո՛չ միայն դէպի կրօնական սովորական պաշտամունք, այլ նաեւ դէպի անցեալ, դէպի մեր պապերուն յիշատակը։
Կանոնական աղօթքներով խորանները սրբագործուեցան ու Ս. սեղանները օծուեցան։ Օդակայանէն դէպի քաղաք ճամբու երկայնքին, պատերու վրայ ամրացուած կամ պողոտաներու վրայ մէկ կողմէն միւս կողմը պարզուած մեծադիր պաստառներ դրուած էին. անոնց վրայ թրքերէն, քրտերէն եւ հայերէնով գրուած էր՝ «Բարի եկաք ձեր տունը»:
«Մարմարա»