Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտարարած է, որ Իրանի օդուժին պատկանող ռմբաձիգներ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերու դէմ յարձակումներ գործած են:

«Մենք ապացոյցներ ունինք, որ Իրան վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին իրապէս օդային յարձակումներ գործած է Իսլամական պետութեան դիրքերու դէմ‘ օգտագործելով «Էֆ-4 Ֆանթըմ» տիպի ռմբաձիգներ», ըսած է ան:
Սակայն «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետի տեղակալ զօր. Մասուտ Ժազայերին հերքած է այդ լուրը:
Բրիտանական «Ինտիփենտընթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ սէուտական գաղտնի սպասարկութեան նախկին ղեկավար Թուրքի Ֆայսալ յայտնած է. «Բրիտանիա, Ֆրանսա եւ այլ երկիրներ իրենց ռմբաձիգներուն չեն արտօներ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ յարձակումներ գործել եւ կը բաւարարուին միայն իրաքեան հողերու վրայ անոր դիրքերը հարուածելով»:

Ասատ. «Թուրքիա Կը Շարունակէ Ուղղակի Կերպով ՏԱՀԵՇ-ին Աջակցիլ»

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ֆրանսական «Փարի Մաչ» պարբերաթերթին յայտնեց. «Կարելի չէ ահաբեկչութեան օդէն (հարուածներով) վերջ տալ, եւ գետնի վրայ որեւէ արդիւնք չի կրնար արձանագրուիլ, եթէ չըլլան շրջաններուն աշխարհագրական մանրամասնութեանց քաջածանօթ ցամաքային ուժեր, որոնք օդանաւերուն հետ այդ ուղղութեամբ կը շարժին»:
Ան աւելցուց. «Այն խօսքը, թէ դաշինքին հարուածները սուրիական ուժերուն կը նպաստեն, ճիշդ չէ, եւ եթէ ազդու ըլլային, անոնցմէ շահ կ՛ապահովուէր, սակայն որեւէ փոփոխութիւն տեղի չունեցաւ, մանաւանդ որ Թուրքիան կը շարունակէ ուղղակի կերպով ՏԱՀԵՇ-ին աջակցիլ»: Ասատ ըսաւ, որ իր նախագահ մնալը ո՛չ ճգնաժամէն առաջ, ո՛չ ալ անոր ընթացքին իրեն համար նպատակ մը չէ, «սակայն սուրիացիները չեն ընդունիր, որ Սուրիան Արեւմուտքին ձեռքը խաղալիք պետութիւն մը ըլլայ, եւ այդ մէկը իրենց ամէնէն կարեւոր նպատակներէն եւ սկզբունքներէն մէկն է»:
Միւս կողմէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ Պրիւքսելի մէջ յայտնեց. «Թուրքիոյ հետ տակաւին թռիչքներու արգիլեալ գօտիի հարցը կը քննարկենք, եւ փոխադարձ հասկացողութիւն մը չենք գոյացուցած»: