Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Պոլիվիոյ խորհրդարանը միաձայնութեամբ ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող, յանցագործութիւնը դատապարտող եւ հայ ժողովուրդին զօրակցութիւն յայտնող բանաձեւ մը:

Ծերակոյտի նախագահ Սոնիա Կուարտիա Մելկար «Փրենսա Արմենիա» հայկական լրատուամիջոցին ըսած

է, որ միաձայնութեամբ հրապարակուած բանաձեւը ընդունուած է ինչպէս Ներկայացուցիչներու տան, նոյնպէս ալ Ծերակոյտին կողմէ` նախապէս արժանանալով արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայնութեան: «Մենք մեր անվերապահ աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնենք հայ եւ քիւրտ ժողովուրդներուն, որովհետեւ մեր պետական սահմանադրութիւնը` օրէնքներուն օրէնքը կը մերժէ խտրականութիւնը, մարդու իրաւունքներու խախտումը եւ ցեղասպանութիւնները»:

 

Ան աւելցուցած է, որ իրենք նկատի ունին 1915-1923 թուականներուն հայերուն դէմ թրքական   պետութեան գործած յանցանքը: Բանաձեւին ամբողջական յօդուածը հետեւեալն է`«Պոլիվիոյ  Օրէնսդիր ժողովը կը կիսէ եւ կը զօրակցի հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին`  յանուն մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, ճշմարտութեան եւ արդարութեան հաստատման: Ան  կը յայտարարէ իր զօրեղ յանձնառութիւնը մարդու իրաւունքներու ու արդարութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ եւ կը դատապարտէ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան ու կրած տառապանքներուն ժխտման քաղաքանութիւնը»:

Յիշեցնենք, որ լատինամերիկեան այս երկրէն զատ այդ ցամաքամասին մէջ ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս դատապարտած են նաեւ Ուրուկուէյը եւ Արժանթինը: Ուրուկուէյը եղած է  առաջին պետութիւնը, որ նման փաստաթուղթ ընդունած է:

 

Հայաստանը երախտապարտ է Պոլիվիային

 

ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը յայտարարութիւն տարածած է Պոլիվիայի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կապակցութեամբ, յայտնելով թէ «Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Պոլիվիայի խորհրդարանի զոյգ պալատներուն, երկրի ղեկավարութեան եւ բարեկամ ժողովուրդին՝ Օսմանեան կայսրութեան  մէջ իրականացած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար: Այս քայլով՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին ընդառաջ՝ Պոլիվիան իր կարեւոր ներդրումը բերաւ պատմական արդարութեան վերականգնման, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ճանաչման, դատապարտման, կանխարգիլման եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարի վեհ գործին»: