Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հռոմի Ֆրանսիս պապը Թուրքիայէն հեռանալէ ետք օդանաւին մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին ցանկութիւն  յայտնած է հայ-թրքական սահմանի բացման վերաբերեալ:

Այս մասին ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, ըստ թրքական «Միլլիէթ» պարբերականին:

«Հայաստան-Թուրքիա սահմանը իմ սրտիս մէջ է, երանի այդ սահմանը բացուէր, շատ հրաշալի կ’ըլլար: Ես գիտեմ, որ այդ տարածաշրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական խնդիրներ կան, որոնք կը բարդացնեն սահմաններու բացումը, սակայն կ’աղօթեմ այս ժողովուրդներու հաշտեցման համար»,- ըսած է Հռոմի Ֆրանսիս պապը:

Ֆրանսիս պապը Թուրքիա  այցելած էր Նոյեմբեր 28-ին: Ան նախ եղած էր Անգարա, այնուհետեւ մեկնած Պոլիս: Այցը եզրափակուած է Նոյեմբեր 30-ին: Ֆրանաիս Թուրքիա այցելած Հռոմի չորրորդ պապն է:

Ֆրանսիս Պապը այցելեց Մեսրոպ Պատրիարքին
Վ
ատիկանի պաշտօնական ռատիոկայանը կը յայտնէ, թէ Նոյեմբեր 30-ին, Թուրքիոյ կատարած իր ուղեւորութեան աւարտին, Ֆրանսիս Պապը այցելած է Իսթանպուլի հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցը, ուր 2008-էն ի վեր անկար վիճակի մէջ կը գտնուի Պոլսոյ հայոց Պատրիարք Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան։ Ֆրանսիս Պապը յատուկ աղօթք կատարած է հոգեւոր իր եղբօր համար։