Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հալէպի հայկական համայնքը տնտեսական դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ

Ձմրան նախաշեմին Սուրիոյ հայկական համայնքը, ինչպէս եւ երկրի միւս քաղաքացիները, ջեռուցման հետ կապուած դժուարութիւններու   առաջ կանգնած են:
Այդ մասին NEWS.am-ի թղթակիցին  հետ զրոյցի ընթացքին  յայտարարեց Հալէպի  Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Բերիական թեմի մամուլի քարտուղար Ժիրայր Ռէիսեանը:
«Հալէպի բնակիչները տնտեսական դժուարութիւններ կը կրեն, եւ շատ յաճախ ի վիճակի չեն գնելու պետութեան կողմէ իւրաքանչիւր ընտանիքին  տրամադրուող 200 լիթր  վառելիքը: Հակառակ որ վառելիքը նուազած գինով կը տրամադրուի, մարդիկ նոյնիսկ այն գնելու համար միջոցներ չունին», - ըսած է Ռէիսեանը: Ան աւելցուց, որ իրավիճակը բարդ է նաեւ ելեկտրամատակարարման բնագաւառի կապակցութեամբ, որը շատ յաճախ կ'անջատուի, պատճառ դառնալով նաեւ ջրամատակարարման ընդհատման:

Հանդիպոււմ Մոնթրէալի իսրայէլի հիւպատոսին հետ

ՀՅԴ Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի ատենապետ Ժիրայր Զաքարեան եւ Մոնթրէալի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ՝ տոքթ. Արամ Էլակօզ Իսրայէլի հիւպատոսարանին մէջ հանդիպում ունեցան Մոնթրէալի Իսրայէլի աւագ հիւպատոս Զիվ Նեւօ Գուլմանի հետ։
Նորանշանակ հիւպատոսը շեշտեց նման հանդիպումներու կարեւորութիւնը, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ զարգացնել հայ եւ հրեայ գաղութներուն համագործակգութիւնը։
Աւելի քան 40 վայրկեան տեսակցութեան ընթացքին բացատրութիւն տրուեցաւ Մոնթրէալահայութեան, ինչպես նաեւ Գանատայի տարածքին մէջ գործող հայկական զանազան գաղութներու աշխատանքներուն մասին, կարեւորութեամբ շեշտը դրուեցաւ Հայ Դատի եւ մասնաւորաբար Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի աշխատանքներուն ուղղութեամբ եւ հիւպատոսէն խնդրուեցաւ իր աջակզութիւնը։ Հիւպատոսին բացատրուեցաւ նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան գծով Գանատայի պետական  կեցուածքին մասին եւ  Հակական Ցեղասպանութեան M380 բանաձեւին մասին։ Պատուիրակութիւնը յոյս յայտնեց հիւպատոսին, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը պաշտօնապես ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը,  մանաւանդ որ զոյգ ազգերն ալ զոհ գացած են ցեղասպա- նական արարքի։

ՓԱՐԻԶ-Ռեզայի «Ատրպէյճան՝ հուրին վայելչութիւնը» խնդրայարոյց նոր ցուցահանդէսը Փըթի Փալէի մէջ

ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԸ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ

Հանրածանօթ լուսանկարիչ Ռեզայի վերջին տարիներու իւրաքանչիւր ցուցահանդէս՝ իր բովանդակած ատրպէյճանական քարոզչութեան նմոյշներով առիթ կը հանդիսանայ բանավէճերու, գայթակղութիւններու: Այս անգամ ալ անոր գործերը Նոյեմբեր 25էն Դեկտեմբեր 7 կը ցուցադրուին Փարիզի Փըթի Փալէին (Փոքր Պալատ) մէջ «Ատրպէյճան՝ հուրին վայելչութիւնը» տիտղոսով… եւ ձեռնարկը դարձեալ խնդրայարոյց է:
Հայ Դատի Ֆրանսայի գրասենեակը (ՀԴՖԳ-BFCA) այս առթիւ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը զգուաշացնէ, թէ  Ատրպէյճան բնաւ ալ երազային այն երկիրը չէ, ինչպէս կը ներկայացուի Փըթի Փալէի կայքէջին վրայ զետեղուած ծանօթացման տեսահոլովակին մէջ: ՀԴՖԳ-ը կը յիշեցնէ մարդկային իրաւանց բրտօրէն բռնաբարման բազմաթիւ պարագաներ, որոնք արժանացած են միջազգային զանազան կազմակերպութիւններու դատապարտումներուն: