Ալֆորվիլի «Գէորգ Արապեան» կրթարանի շինութիւնը կը շարունակուի մեծ թափով, գլխաւորութեամբ Նորվան Արքեպիսկոպոս Զաքարեանի, սերտ գործակցութեամբ շինութեան վարչութեան եւ Յակոբեան Ճարտարապետական Գրասենեակին։
Դպրոցաշինութեան մասին երկար զրոյց մը ունեցանք Նորվան Սրբազանին հետ, որու ամփոփումը կը ներկայացնենք ստորեւ.
APCAF
Նկատի ունենալով որ 1905-ի օրէնքով կրօնական ընկերակցութիւնը իրաւունք չունի մշակութային կամ կրթական նախաձեռնութիւններով զբաղելու, 2008-ին Թեմական Խորհուրդին զուգահեռ մշակութային կազմակերպութիւն մը հիմնուեցաւ՝ APCA, Association pour la Promotion de la Culture Armenienne en France, Հայ Մշակոյթի Զարգացման Ընկերակցութիւն ի Ֆրանսա։ Այս մշակութային միութիւնը կրնար նախաձեռնել դպրոցի շինութեան։
Բաւական մեծ ծրագիր մըն էր, մանաւանդ որ տնտեսական տագնապի շրջան մը սկսած էր ուրուագծուիլ, գործին ծանրութիւնը քաջութիւն չտուաւ անդամներուն ստանձնելու նախագահութիւնը։ Որպէսզի նորաստեղծ կազմակերպութիւնը նահանգապետարան արձանագրուէր, պէտք էր նախագահ մը ընտրէր։ Այս պայմաններուն մէջ օրուան Թեմակալ Առաջնորդը՝ Նորվան Արք. Զաքարեան ստանձնեց նախագահի պաշտօնը, եւ միութիւնը պաշտօնապէս արձանագրուեցաւ պետութեան մօտ։
Ալֆորվիլի հողը, որու վրայ դպրոցը պիտի կառուցուէր, եկեղեցապատկան հող է, այսինքն տանտէրը Փարիզի հայոց եկեղեցին է։ APCAF-ը համաձայնագիր ստորագրեց Փարիզի ծուխի Կրօնական Ընկերակցութեան հետ, որու անդամական ընդհանուր ժողովը վաւերացուց զայն, եւ գործը սկսաւ յառաջ շարժիլ։
ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏԸ
Մի քանի ճարտարապետներու դիմում կատարուեցաւ, իւրաքանչիւրի թղթածրարը ուսումնասիրելէ ետք վարչութիւնը յանգեցաւ Յակոբեան Ճարտարապետական Գրասենեակի ներկայացուցած նախագիծին։
Գրասենեակի հիմնադիրն է Պերճ Յակոբեան, ներկայի ղեկավարներն են Րաֆֆի եւ Միրիամ Յակոբեան։ Շատ ծանօթ եւ յարգուած գրասենեակ մըն է մանաւանդ ֆրանսական շրջանակներու մէջ։ Հարուստ փորձառութիւն ունին, կառուցած են քաղաքապետական մի քանի դպրոցներ, մանկամսուրներ, մարզական աւաններ եւայլն։ Շինարարութեան արտօնագիրը ստանալէ ետք աշխոյժ թափով անցան գործի։
ԲԱՐԵՐԱՐԸ՝ ԳԷՈՐԳ ԱՐԱՊԵԱՆ
Կարպիս Ջրբաշեանի ծանօթներէն Գէորգ Արապեան Պէյրութէն տրամադրութիւն կը յայտնէ յանձն առնել դպրոցի շինարարութեան հիմնական ծախսերը։ Կ. Ջրբաշեան կապի մէջ կը դնէ բարերարը Նորվան Սրբազանին հետ, երեքով միասին խօսակցութիւնները կը զարգանան եւ կը յանգին վերջնական յանձնառութեան։
«Ասիկա մեզի համար մեծ աւետիս մըն էր գործը սկսելու։ Շնորհիւ Պրն. Կարպիս Ջրբաշեանին գտնուեցաւ բարերարը եւ շնորհիւ բարերարին կրցանք բահ եւ բրիչ ձեռք առնել եւ գործադաշտը բացուեցաւ», ուրախութեամբ կը յայտնէ Նորվան Սրբազան։
ՎԱՐԿ՝ CAISSE D'EPARGNE-ԷՆ
Դպրոցի շինութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն զուգահեռ, Նորվան Սրբազան կը լծուի դրամահաւաքի գործին, ամէնօրեայ կշռոյթով կապ պահելով իր շրջապատին եւ գաղութի անդամներուն հետ։ Բարերարին տուած գլխաւոր նուիրատուութենէն անկախ մինչեւ հիմա հաւաքուած է մօտ 600.000 եւրօ։
Սակայն ընդհանուր նախահաշիւէն տակաւին մէկ միլիոն եւրօ կը պակսէր։ Վարկի դիմում կատարուեցաւ զանազան դրամատուներու, որոնք յանձն չառին վարկ բանալ։
Ի վերջոյ մէկ միլիոն եւրոյի փոխառութիւն մը ստորագրուեցաւ Caisse d'Epargne դրամատան հետ, յարմար պայմաններով։ Այս գործի յաջողութեան համար շինարարութեան վարչութեան անդամներէն Արմէն Սերոբեանը ի գործ դրաւ իր բոլոր հնարաւորութիւններն ու բարեկամական կապերը վերոյիշեալ դրամատան տնօրէնութեան հետ, որ մեր գաղութին հանդէպ իր համակրանքը արտայայտելով ընդառաջեց մեր դիմումին։
Վարկի ստացումէն ետք արդէն 75.000 եւրօ եւս հաւաքուած է։
ՆԵՐԿԱՅԻ ՊԱՏԿԵՐԸ
Ներկայիս արդէն աւարտած են՝ շէնքի կառուցումը, կոյուղիի եւ ջրատար խողովակներու համակարգը, ատաղձագործական բաժինը, վերելակները, պատուհաններու զետեղումը։
Ընթացքի մէջ են՝ ելեկտրականութեան համակարգը, ներքին պատերը, արտաքին երեսապատումը եւ յարմարեցումները, սալայատակը, ներկը եւ ապա՝ վերջին մանր-մունր աշխատանքները, որոնցմով աւարտին պիտի հասնի ընդհանուր գործը։
Դպրոցական այս գեղեցիկ շէնքը, հայ ժողովուրդին պատիւ բերող գեղեցկութեամբ, Ալֆորվիլ քաղաքի զարդերէն մին պիտի ըլլայ այլեւս։ Հայ լեզուի ուսուցման փարոս մը՝ Սէն գետի ափին։
Թարգմանչաց ոգիով, Հայ Եկեղեցին այսօր եւս զօրավիգ է լեզուի եւ մշակոյթի զարգացման։ Ասոր համար ան սիրով տրամադրեց իր հողը, որու վրայ քոյր կազմակերպութիւն APCAF-ը յաջողեցաւ բարձրացնել այս շէնքը։
Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին, հայ ժողովուրդի գոյատեւման կամքի լաւագոյն արտայայտութիւնն է «Գէորգ Արապեան» վարժարանը, որու պաշտօնական բացումը կը նախատեսուի 2015-ի Ապրիլին։
Շատ հանգիստ կերպով աշակերտները յաջորդ տարուան Սեպտեմբերի վերամուտին կը տեղաւորուին նոր շէնքին մէջ նոր պայմաններու տակ։