Ֆրանսայի մէջ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Կիրակի օր ներկայ եղած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղի «Թելեթոն- 2014»-ի ծիրին մէջ հեռաձայնային հանգանակութեան փակման արարողութեան:
Ըստ Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութեան, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղի տնօրէն Պետրոս Թերզեան Գալուստ Սահակեանին ներկայացուցած է հեռաձայնային հանգանակութեան կազմակերպման պայմանները եւ այս տարուան արդիւնքները‘ նշելով, որ հա-կառակ Ֆրանսայի մէջ տիրող տնտեսական ճգնաժամին‘ ֆրանսահայութեան շրջանակին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ կը նշմարուի տարուէ տարի աճող հետաքրքրութիւն: Նշուած է, որ այս տարի Ֆրանսայի հայերը մեծ ուշադրութիւն ցուցաբերած են սուրիահայերուն վերաբերող ծրագիրներուն եւ նախաձեռնութիւններուն նկատմամբ:
Ձեռնարկին հայկական պատուիրակութեան հետ մասնակցած են Ֆրանսայի Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Ֆիլիփ Քալտենպախ, ֆրանսացի երեսփոխաններ Փաթրիք Տեվեճեան, Ժան-Մարք Ժերմեն եւ Ժան-Իվ լը Պուիյոնեք:
Հեռաձայնային հանգանակութեան փակման արարողութեան նաեւ ներկայ եղած են ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ եւ հարիւրաւոր ֆրանսահայեր:
Աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահին գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպումներ պիտի ունենայ Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէի, Ազգային ժողովի նախագահ Քլոտ Պարթոլոնի եւ Ծերակոյտի Ֆրանսա -Հայաստան բարեկամական խումբի անդամներուն հետ: