Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութիւնը չի յաջողիր իրագործել Աբխազիոյ վրայով Ռուսաստանը Հայաստանին կապող երկաթուղին վերստին գործածութեան յանձնելու ծրագիրը: Ատոր պատճառը՝ ռուս-վրացական գէշ յարաբերութիւններն են: Փոխարէն՝ Մոսկուա որոշած է Ատրպէյճանի վրայով Ռուսաստանը Իրանին կապող երկաթուղի կառուցանել:
Այս ծրագրին մասին խօսած է Տումայի նախագահ Սերկէյ Նարիշքին Իրան կատարած այցելութեան ընթացքին:
Ըստ նախագիծին, իրանական Ղազուին եւ Ռեշթ քաղաքները կը միանան երկաթուղիով, որ հոնկէ ալ կը շարունակուի դէպի հիւսիս՝ մինչեւ Իրանի սահմանամերձ Ասթարա աւանը, որ կը նախատեսուի միացնել նոյն անունը կրող ատրպէյյճանական քաղաքին, որ կը գտնուի սահմանին միւս կողմը:
Ատրպյճանի վրայով Իրանի եւ Ռուսաստանի երկաթուղիներու միացումը ապահովող հատուածի կառուցման մասին որոշումը կայացուած էր 2005ին, սակայն շինարարութիւնը անընդհատ կը ձգձգուէր:
Ռուսական կողմը յայտնած է, որ ծրագրին պայմանագիրը կը նախատեսուի կնքել 2015 Յունուարին:
Ըստ փորձագէտներու, Ասթարա - Ռեշթ - Ղազուին երկաթուղիի ծրագիրը պիտի արժէ 200 միլիոն տոլար, որուն 20 միլիոնը պիտի ծախսուի ատրպէյճանական հատուածին համար. նէեւ հոն երկաթուղի կայ, սակայն պէտք է զայն վերանորոգել: Իսկ ընդհանուր առմամբ «Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութիւնը կը մտադրէ Իրանի մէջ ներդնել շուրջ 8,5 միլիառ տոլար:
Կÿարժէ նշել թէ խորհրդային տարիներուն Ռուսաստանը Իրանին կապող երկաթուղին կÿանցնէր Վրաստանէն, Հայաստանէն եւ Նախիջեւանէն: