Բովանդակ Հալէպի ելեկտրականութեան հոսանքը գէթ քանի մը ժամով կրկին միացաւ, լման օր մը ընդհատուելէ ետք: «Բերիոյ նիւզ» դիմատետրի էջը կը հաղորդէ.-
Մէկ շաբաթէ ի վեր ամբողջ Հալէպի տարածքին ելեկտրականութեան հոսանքը կրկին անջատուած էր եւ քաղաքը մատնուած էր խաւարի: Միւս կողմէ, օրերէ ի վեր անջատուած ջուրը, երէկ, առաւօտեան կանուխ ժամերուն Հալէպի կարգ մը շրջաններու մէջ սկսաւ մատակարուիլ, թէեւ ոչ ամբողջովին:
Պայթումներու, հրասանդերու եւ հրթիռաձգութեան կողքին ամենահրատապ տագնապներէն է ելեկտրականութեան եւ ջուրի պակասը։