Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Փարիզի Արեւելեան լեզուներու հիմնարկին (INALCO) կողմէ կազմակերպուած «Անդրկովկաս» ցուցահանդէսի ծիրէն ներս, Նոյեմբեր 17ին նախատեսուած էր Լիլիան տը Քերմատէքի «Աւերակներու շշունջը» ժապաւէնին ցուցադրութիւնը:

Ատրպէյճանի դեսպանը, որ նախապէս ժամադրութիւն մը ունէր ԻՆԱԼՔՕ-ի տնօրէնուհիին հետ բոլորովին այլ նիւթի մը համար, գրեթէ բացառաբար խօսած է ցուցադրութեան մասին եւ պահանջած, որ այդ ծրագիրը ջնջուի: Տնօրէնուհին դիմելով ձեռնարկին կազմակերպիչ Թալին Տէր-Մինասեանին, անկէ բացատրութիւններ պահանջած է: Ի վերջոյ նախատեսուած օրը, նախատեսուած ժամուն տեղի ունեցած է թէ՛ ժապաւէնին ցուցադրութիւնը, թէ՛ ալ անոր յաջորդող վիճարկումը:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Նոր Յառաջ», Լիլիան տը Քերմատէք յայտնած է, թէ ցուցադրութենէն առաջ երիտասարդ մը լսարանին դրան առջեւ կանգած, ծրագրին դէմ եւ Ատրպէյճանի ի նպաստ արձանագրութիւններ (քարտէս, եւլն.) պարունակող թռուցիկներ բաժնած է: Երբ տիկին բեմադիրը անոր հարց տուած է, թէ ի՞նչ կ’ընէ, ենթական պատասխանած է, որ Նիսէն յատկապէս եկած է իր դատը պաշտպանելու համար. նաեւ ըսած է, թէ ազերի է: Սակայն, ինչպէս վերը գրեցինք, այս ամբողջը չէ կրցած արգելք հանդիսանալ ծը-րագրին բնականոն ընթացքին: