Լոնտոնի Սուրբ Եղիշէ հայկական եկեղեցին այցելած է Անգլիոյ գահաժառանգ Չարլզը, նախապէս դասաւորուած ժամադրութեամբ:
«Արմէնփրէս» կը հաղորդէ թէ Չարլզ իշխանը անդրադարձած է Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու նկատմամբ իրականացող հետապնդումներու հարցին շեշտելով, թէ համայն հանրային կարծիքը պէտք է իրազեկ պահուի եղելութիւններու մասին: Ան խստօրէն դատապարտած է Տէր Զօրի հայկական եկեղեցւոյ դէմ յարձակումը ըսելով. «Սիրտս բարացիօրէն կը կոտրի, երբ կ'իմանամ քրիստոնեաներու եւ իրենց եկեղեցիներու դէմ յարձակումներու մասին: Այնտեղ սուրբ հաւաքավայրեր են, ինչպէս էր Տէր Զօրի հայկական եկեղեցին եւ կը ցաւիմ այդ դաժան ոչնչացման համար» ըսած է Չարլզը:
Լոնտոնի Ս. Եղիշէ եկեղեցւոյ մէջ ներկայ եղած են հայ համայնքի ներկայացուցիչները եւ Միացեալ Թագաւորութեան մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Սարգսեանը: