Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Մէկ շա­բաթ ա­ռաջ խո­ցո­ւած հայ­կա­կան ուղ­ղա­թի­ռի անձ­նա­կազ­մի ճա­կա­տագ­րի մա­սին դեռ եւս տե­ղե­կու­թիւն չկայ: Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծե­րու եւ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թե­նէն «Ա­զա­տու­թեան» փո­խան­ցե­ցին, որ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ա­ռայժմ ար­դիւնք չեն տո­ւած։ Ուղ­ղա­թի­ռի անկ­ման վայ­րը փոր­ձեց այ­ցե­լել ԵԱՀԿ-ի գոր­ծող նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­ճէյ Քասփր­չի­քը, կրկին՝ ա­պար­դիւն։

Ար­ցա­խի հան­րա­յին հե­ռուս­տա­տե­սու­թեան փո­խանց­մամբ՝ ԵԱՀԿ-ի գոր­ծող նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը ը­սած է, որ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը դի­տորդ­նե­րուն ար­գե­լած է մօ­տե­նալ դէպ­քի վայ­րը։ «Ինչ­պէս ցան­կա­ցած դի­տարկ­ման պա­րա­գա­յին, այս դի­տարկ­ման հա­մար ալ նա­խա­պէս հայտ ներ­կա­յա­ցո­ւած է զի­նո­ւո­րա­կան­նե­րուն, ա­նոնք կը նա­խա­պատ­րաս­տեն դի­տար­կու­մը, ո­րու հա­մար մի քա­նի օր կը պա­հան­ջո­ւի։ Այս դի­տարկ­ման հայ­տը ներ­կա­յա­ցու­ցած ենք, բնա­կա­նա­բար, ես ու­զե­ցի դի­տարկ­ման կէ­տը փո­խել, բայց իմ աշ­խա­տա­կի­ցի պա­տաս­խա­նը այն էր, որ այդ տա­րած­քին վրայ ի­րա­վի­ճա­կը լա­րո­ւած է եւ հնա­րա­ւոր չէ անվ­տան­գու­թեան ե­րաշ­խիք­ներ տալ, ո­րը մեր աշ­խա­տան­քի հա­մար անհ­րա­ժեշտ է։ Ա­նոր հա­մար մենք ո­րո­շե­ցինք դի­տար­կու­մը կա­տա­րել նա­խա­պէս ծրագ­րո­ւած տե­ղը, իսկ ուղ­ղա­թի­ռի մա­սով ես բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեմ», - ը­սած է Ան­ճէյ Քասփր­չիք, որ Ե­րեք­շաբ­թի օր կը մաս­նակ­ցէր շփման գի­ծին վրայ կա­տա­րո­ւած  դի­տարկ­ման։

Այս հար­ցով Ան­ճէյ Քասփր­չի­քի հետ քննար­կում կա­տա­րած է նաեւ Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեա­նը։ Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան խօս­նակ Արծ­րուն Յով­հան­նի­սեան «Ա­զա­տու­թեան» փո­խան­ցեց, որ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին յա­տուկ պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւն ձեռք չէ բե­րո­ւած։ Ուղ­ղա­թի­ռի անձ­նա­կազ­մի հար­ցով կը զբա­ղի նաեւ Կար­միր Խա­չի գրա­սե­նեա­կը։