Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«Ռաֆալ» տիպի ֆրանսական երկու օդանաւեր մաս կազմած են միջազգային դաշինքի շղթայազերծած յարձակումներուն ՏԱՀԵՇ-ի դէմ՝ Քերքուքի մէջ:
Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց նաեւ, որ ֆրանսական «Միրաժ» տիպի վեց օդանաւեր պիտի տեղակայուին Յորդանանի մէջ՝ մասնակցելու համար ՏԱՀԵՇ-ի դէմ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած միջազգային դաշինքի յարձակումներուն:
Այս գծով ցարդ ոչ մէկ արձագանգ կայ Յորդանանի պատկան մարմիններուն կողմէ:

Հազար Ֆրանսացիներ Կը Կռուին ՏԱՀԵՇ-ի Կողքին

Ֆրանսական լրատու գործակալութիւնը, Ֆրանսայի վարչապետ Մանուէլ Վալսի վերագրելով իր տեղեկութիւնները, յայտնեց, որ հազար ֆրանսացի քաղաքացիներ կը կռուին Իսլամական պետութեան կողքին: Ըստ նոյն աղբիւրին, ցարդ յիսուն ֆրանսացի ժիհատական զինեալներ սպաննուած են Սուրիոյ մէվ՝ անոնց ՏԱՀԵՇ-ի կողքին կռուելու սկսելէն ի վեր:
Նշենք, որ ՏԱՀԵՇ-ի ցուցադրած նորագոյն տեսերիզին մէջ կարելի եղած է ստուգել երկու ֆրանսացի ժիհատականներու ինքնութիւնը, ըստ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի յայտարարութեան: