Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Երքշաբթի, Նոյեմբեր 18ին, Երուսաղէմի հրէական տաճարի մը մօտ հրացանաձգութեան մը պատճառով արձանագրուեցաւ 6 զոհ, ներառեալ՝ յարձակումը իրականացուցած պաղեստինցի երկու զինեալները:

Զոհերէն երեքը ամերիկեան եւ իսրայէլեան զոյգ հպատակութիւն ունեցող հրեաներ էին, իսկ չորրորդը ունէր բրիտանական ու իսրայէլեան զոյգ հպատակութիւն։

Մինչ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս դատապարտեց յարձակումը, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ Իսրայէլ բուռն կերպով պիտի հակադարձէ Երուսաղէմի մէջ հրէական տաճարին դէմ կատարուած յարձակումին:
Ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներու՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի Ապպասին կոչ ուղղած է դատապարտելու Երուսաղէմի մէջ կատարուած յարձակումը, որ տեղի ունեցած է Աքսա մզկիթին մէջ իսլամական կրօնական արարողութիւնները սահմանափակող իսրայէլեան հրահրիչ քայլերուն ստեղծած լարուածութեան ծիրէն ներս։