Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Անթիլիասէն կը հաղորդուի թէ շուրջ մէկ ամսուան բացակայութիւնէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս վերադարձաւ Անթիլիաս։ Անցնող շաբաթներուն Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար այցելեց Պարսկաստան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Զուիցերիա և Հայաստան։

Պարսկաստանի մէջ շուրջ երկու շաբաթ Վեհափառ Հայրապետը հովուապետական այցելութիւններ տուաւ Թեհրանի եւ Իսֆահանի թեմերուն։ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Վեհափառը հանդիպումներ ունեցաւ թեմի պատասխանատու մարմիններուն հետ ու մօտէն հետեւեցաւ Ապու Տապիի եկեղեցւոյ, դպրոցին ու առաջնորդարանին շինութեան աշխատանքներուն։
Զուիցերիոյ մէջ, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպումներ ունեցաւ Սիսի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին վերադարձի գծով Թուրքիոյ սահմանադրական դատարանին մօտ բացուելիք դատը հետապնդող փաստաբաններուն հետ։ Արամ Ա. կաթողիկոս լրագրողներուն հետ խօսելու ժամանակ (Նոյեմբեր 10ին) յայտնած է թէ «Սիսի կաթողիկոսարանի նստավայրը եւ կալուածները հայ ժողովուրդին կը պատկանին եւ պէտք է վերադարձուին»:
Վեհափառը մանրամասնելով կաթողիկոսութեան կողմէ տարուած ճիգերը այս ուղղութեամբ, բացատրած է թէ հետեւողական աշխատանք կը տարուի արդէն նախորդ քանի մը տարիներուն ընթացքին: «Պէտք է յիշեցնենք, որ իրաւական դաշտը այնքան ալ դիւրին չէ, այնքան ալ նպաստաւոր չէ մեր ժողովուրդին համար, սակայն պէտք է հաւաքական ճիգ գործադրել այս ուղղութեամբ: Բոլոր գործընթացները պիտի ճշդենք, որպէսզի մեր եկեղեցապատկան եւ ազգապատկան կալուածները վերադարձնենք մեր ժողովուրդին, մեր եկեղեցւոյ: Նախորդ տարի երկու վեհափառները միացեալ յայտարարութիւն կատարեցինք. մենք կը պահանջենք մեր հազարաւոր եկեղեցիները, մեր մենաստանները, վանքերը» ըսած է կաթողիկոսը: