Հոկտեմբեր 18-19-ին գաղութը տօնախմբեց Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ շինութիւնն ու Մշակութային կեդրոնի բացման հանդիսութիւնը:
18 Հոկտեմբերին «Սիլի» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ մը: Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անունով Ատրուշան Արմէնեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց եկեղեցւոյ ու Մշակոյթի կեդրոնի ծրագիրին իրականացման երեք հանգրուանները:
Օրուան բանախօս Արտա Եմէնիճեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք բաժին ունեցան եկեղեցւոյ ու Մշակութային կեդրոնի երազը մարմնաւորելուն մէջ: Խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը, որ իր կարգին շնորհաւորեց ծխական այս համայնքը՝ իր իրագործումին համար:
Աւարտին առաջնորդ սրբազանը գնահատագիրներ յանձնեց նուիրեալ գործողներուն: Ան իր պատգամին մէջ գոհունակութիւն յայտնեց Լաս Վեկասի հայկական համալիրին իրականացման համար եւ շեշտեց, որ առաքելութեան նոր շրջան մը կը բացուի այսուհետեւ: Ան իր պատգամը եզրափակեց՝ կոչ ուղղելով, որ ծխական համայնքի զաւակները այս գործը շարունակեն հաւատքով, եղբայրական սիրով, խանդավառութեամբ եւ համերաշխութեամբ:
Հոկտեմբեր 19-ին մատուցուեցաւ պատարագ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ: Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ եւ անոր կողքին կանգնող Մշակութային կեդրոնի ծրագիրի մարմնաւորման հանգրուաններուն եւ այս առիթով շնորհաւորեց ծխական համայնքը՝ նորագոյն իրագործումներուն համար: Ան գնահատեց եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար Լերի Պառնզի, «Եու. Սի. Էլ. Էյ» համալսարանի յարկին տակ հաստատուած «Տրիմ ֆոնտ»-ին, նուիրատուներուն՝ Ֆաթթալ, Եմէնիճեան եւ Գուճաքեան ընտանիքներուն, որոնց նուիրատուութիւնները հիմնական բաժին ունեցան այս ծրագիրի իրականացման մէջ:
Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ կեդրոնին բացումը: