«Կազեթա» կայքը կը հաղորդէ, որ ՏԱՀԵՇ¬ի զինեալները կ’ուզեն որդեգրել իրենց սեփական դրամանիշը:
Ծայրայեղական իսլամները մտադիր են վերադարձնել տինարը, որ կÿօգտագործուէր իսլամութեան պատմութեան սկզբնական շրջանին: Ինչպէս միջնադարուն, մետաղադրամները պիտի ձուլուին մաքուր ոսկիէ եւ արծաթէ:
Լրատուամիջոցներուն տեղեկութիւններով՝ զինեալներուն կողմէ դրամանիշի սահմանման լուրերը յայտնուած են կայքերու վրայ՝ Մուսուլի եւ Նինուէի մզկիթներուն մէջ կրօնական ղեկավարներու յայտարարութիւններու յղումներով: Կ'ենթադրուի, որ տինարը յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին շրջանառութեան մէջ պիտի դրուի Սուրիոյ եւ Իրաքի ՏԱՀԵՇ¬ի ենթակայ տարածքներուն մէջ:
Իսլամականները տակաւին չեն հաստատած լուրը:
Տինարը այժմ պաշտօնական դրամանիշ կը նկատուի Ալճերիոյ, Պահրէյնի, Իրանի, Իրաքի, Յորդանանի, Քուէյթի, Լիպիոյ եւ Թունուզի մէջ: