Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Ֆ­րան­սա­հայ շար­ժա­պատ­կե­րի ժա­պա­ւէ­նի բե­մադ­րիչ Սերժ Ա­ւե­տի­քեան ֆիլմ մը պի­տի նկա­րա­հա­նէ Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նա­յին գիւ­ղե­րէն  մէ­կուն  մէջ։  Ա­ւե­տի­քեան  «Ար­մէնփ­րէս»ի հետ զրոյ­ցին ըն­թաց­քին նշեց, որ կ’աշ­խա­տի նոր խա­ղար­կա­յին ֆիլ­մի ստեղծ­ման ուղ­ղու­թեամբ։
«Աշ­խա­տանք­նե­րը կը սկսին յա­ջորդ տա­րի։ Նոր ժա­պա­ւէ­նը զա­ւեշտ մըն է, ո­րուն պատ­մու­թիւ­նը գրած եմ ֆրան­սա­ցի դե­րա­սա­նի մը հետ։ Ան կը մարմ­նա­ւո­րէ հե­րոս մը, որ կը կոր­սո­ւի Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նա­յին գիւ­ղե­րէն մէ­կուն մէջ։ Ժա­պա­ւէ­նը թե­թեւ ձե­ւով շատ բա­ներ կը շօ­շա­փէ։ Ան կը ներ­կայց­նէ, թէ ինչ կը նշա­նա­կէ սահ­մա­նին վրայ ապ­րիլ, շփու­մի մէջ մտնալ մար­դու մը հետ, ո­րու լե­զուն չես խօ­սիր ե­ւայլն», -նշեց բե­մադ­րի­չը։ Սերժ Ա­ւե­տի­քեա­նի խօս­քով՝ ժա­պա­ւէ­նը կը նկա­րա­հա­նո­ւի Խա­չիկ գիւ­ղին մէջ -Վա­յոց Ձոր-։ «­Շատ հե­տաքրք­րա­կան գիւղն է՝ Նա­խի­ջե­ւա­նի սահ­մա­նին վրայ, ան­շուշտ չենք ը­սեր թէ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը հոն կը կա­տա­րո­ւին, բայց կ­’օգ­տա­գոր­ծո­ւի բնու­թիւ­նը», -յայտ­նեց Ա­ւե­տի­քեա­նը։