ԿԻՊՐՈՍ
Համազգայինի Գրական Երեկոյին՝ ներկայացուեցաւ Ռուբէն Զարդարեանը
Համազգայինի Կիպրոսի “Օշական” Մասնաճիւղի 2014-15 տարեշրջանի երկրորդ գրական երեկոն տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի ակումբին մէջ:
Օրուան գրագէտն էր Ռուբէն Զարդարեան, որուն կեանքն ու գործը ներկայացուց Վերա Թահմազեանը:
Ռուբէն Զարդարեան եղած է գաւառի գրականութեան ամենէն փայլուն եւ արուեստագէտ խառնուածքի տէր դէմքերէն մէկը: Գեղապաշտ եւ վերջին ծայր բծախնդիր մշակող մը եղած է ան, արեւմտահայ աշխարհաբարի վարպէտներէն մէկը նոյն ատեն, որ լեզուի եւ ոճի խնամքը հասցուցած է նրբութեան բարձր աստիճանի մը:
Զարդարեան եղած է նաեւ խիզախ հրապարակագիր, կարող մանկավարժ եւ անձնուէր ազգային գործիչ մը:
Ապա Զարդարեանի գործերէն կատարուեցան ընթերցումներ. Վահէ Ճէպէճեան կարդաց “Քարացածները” հեքիաթը, Յակոբ Աթաշեան՝ “Փողոցը”, Լորա Մկրտիչեան՝ “Ճախարակին Քերթուածը”, իսկ երեկոն փակուեցաւ Արթօ Դաւիթեանի կողմէ՝ “Բագինին Փառաբանութիւնը” եւ “Ծովակին Հարսը” կտորներու ընթերցմամբ:
ԼԻԲԱՆԱՆ
Կիպրոսի Գաղութի Միութիւնը Նշեց Իր Հիմնադրութեան Երրորդ Տարեդարձը
Երէկ՝ Չորեքշաբթի, 5 Նոյեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-էն 9:30, «Կիպրոսի գաղութը Լիբանանի մէջ» միութիւնը ընդունելութեամբ մը նշեց իր հիմնադրութեան երրորդ տարեդարձը, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի Անկախութեան տօնը՝ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան‘ տէր եւ տիկին Հոմեր եւ Տանգա Մաւրոմաթիսներուն Ռապիէի բնակարանին մէջ հիւրասիրելով 120 կիպ-րահպատակներ:
Միութեան նախագահ Սթալօ Հապիպի խօսք առնելով յայտնեց, որ միութիւնը մեծ թափով կը պատրաստուի գարնան ձեռնարկ մը կազմակերպելու‘ «Շուրջպար բռնէ՛ եւ յատկացում գոյացո՛ւր» (Տենս ֆոր է քոզ) խորագիրով, որուն յաջողութեան համար միութիւնը կը միտի գործակցութիւններու ձեռնարկել հետաքրքրուող այլ միութիւններու հետ:
Ընդունելութեան ներկայ էին Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան տոքթ. Քաթրինա Պուրա, Կիպրոսի մէջ Լիբանանի նախկին դեսպան Զէյտան Զէյտան, Կիպրոսի դեսպանատունէն հիւպատոս Քիրիաքոս Փոյացիս, Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպանատունէն հիւպատոս‘ Աթանասիոս Լէուսիս, յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ արքեպիսկոպոս, նաեւ Պաթրունի քաղաքապետ Մարսելինօ Հարք, որ վերջերս ստորագրեց Պաթրուն - Լառնաքա ձեռնարկներու համաձայնագիրը:
Շառլ Ազնաւուրը Թուրքիայի իզմիրցիներուն կողմէ մրցանակ կը ստանայ
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երաժիշտ Շառլ Ազնաւուրը թրքական «Ոսկէ սոսի» մրցանակը ստացաւ։
Թրքական Posta պարբերականի թղթակից Էրքան Օզերմանին յաջողած է Ֆրանսայի մէջ Թուրքիայի դեսպան Հաքքը Աքիլի միջնորդութեամբ հարցազրոյց կազմակերպել Շառլ Ազնաւուրի հետ, կը գրէ News.am-ը:
Ֆրանսայի մէջ Թուրքիայի դեսպան Հաքքը Աքիլը Շառլ Ազնաւուրին յանձնեց Թուրքիայի Իզմիրցիներու կողմէ անոր հասցէագրուած «Ոսկէ սոսի» մրցանակը։ Սակայն «Ոսկէ սոսի» մրցանակի պաշտօնական յանձնման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ։
Շառլ Ազնաւուրը նշեց, թէ իր իզմիրցի մայրը եթէ տեսնէր իր համաքաղաքացիներու տուած այդ մրցանակը, շատ ուրախ կ'ըլլար։
Թրքական պարբերականը յիշեցուց, որ 1924-ին Փարիզի մէջ ծնած Ազնաւուրի մայրը Ֆրանսա տեղափոխուած է Թուրքիայի Իզմիր քաղաքէն, իսկ հայրը՝ Վրաստանէն։
ԵԳԻՊՏՈՍ
Եգիպտական-հայկական մշակութային երեկոյ
Եգիպտոսի մէջ Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ Հայ Մշակութային «Յուսաբեր» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, 30 Հոկտեմբերին «Յուսաբեր» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ եգիպտական-հայկական մշակութային երեկոյ մը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան ուտի նշանաւոր զոյգ «Տինա եւ Ղասան»։ Երեկոյին ընթացքին ցուցադրուեցաւ նաեւ Հայաստանը, անոր բնութեան գեղեցկութիւնն ու արժէքները ներկայացնող տեսաերիզ մը։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան դեսպաններ, պետական անձնաւորութիւններ, Եգիպտոսի բանակի բանբեր գնդապետ-զօրավար Մոհամետ Սամիր, տեղեկատուութեան նախկին նախարար, Մարդու իրաւունքներու ազգային խորհուրդի նախագահ, դեսպան Մոհամետ Ֆայեք, եգիպտական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւորականներ եւ պաշտօնական հիւրեր։
Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը այն եգիպտացի բանակայիններուն, որոնք վերջերս զոհ գացին ահաբեկչական յարձակումներու։
Գահիրէի մէջ Հայաստանի դեսպան տոքթ. Արմէն Մելքոնեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ եգիպտացիներուն եւ հայերուն միջեւ առկայ յարաբերութիւններուն ու ամուր կապերուն, որոնք ոչ միայն դարաւոր անցեալ ունին, այլ նաեւ՝ զարգացման մեծ հեռանկարներ։ Ան յատուկ կերպով խօսեցաւ վերջին տարիներուն երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան բարեբեր արդիւնքներուն մասին, որոնք շօշափելի են զանազան բնագաւառներու մէջ։
Դեսպան Արմէն Մելքոնեան դիտել տուաւ, որ երկու երկիրներու արդի յարաբերութիւնները խարսխուած են ամուր հիմքերու վրայ, որոնց խթանիչ ուժը եգիպտահայ գաղութին եւ եգիպտացիներուն միջեւ ողջունելի ու սերտ բարեկամութիւնն է։
«Շատ քաջալերելի եւ ողջունելի լուր էր այն, որ Եգիպտոսի համալսարանը որոշած է Հայկական ուսումնասիրութեան կեդրոնը վերաբանալ իր յարկին տակ, որովհետեւ հոն կարելի է հայութեան քաղաքական եւ մշակութային կեանքին վերաբերող բազում ուսումնասիրութիւններ կատարել՝ այսպիսով աւելի եւս սերտացնելով երկկողմանի յարաբերութիւնները։ Այս կեդրոնը 2007 թուականէն ի վեր արդիւնաւէտ կերպով կը գործէր, սակայն Ապրիլ 2013-ին անոր աշխատանքները սառեցուեցան տարօրինակ պայմաններու մէջ։ Իսկ ներկայիս այդ կեդրոնին վերաբացման որոշումը ցուցանիշ է կառավարութեան եւ եգիպտացիներուն կողմէ եգիպտահայութեան ու Հայաստանի հետ յարաբերութեան նկատմամբ գոյութիւն ունեցող մեծ հետաքրքրութեան եւ անոնց կարեւորութեան», ըսաւ դեսպանը։
Գահիրէի համալսարանին մէջ
հայագիտական կեդրոնը կը վերաբացուի
Գահիրէի համալսարանի խորհուրդը, համալսարանի նախագահ տոքթ. Կապեր Նասսարի գլխաւորութեամբ, որոշած է համալսարանին մէջ վերաբանալ Հայագիտական ուսումնասիրութեանց կեդրոնը, որ անցեալ տարի փակուած էր անսպասելիօրէն: Համալսարան կատարուած դիմումներուն ի պատասխան ըսուած էր, որ անիկա պիտի վերաբացուի Արեւելագիտութեան բաժանմունքին մէջ, ինչ որ չէր իրագործուած ու ցարդ մնացած էր առկախ:
Անցեալ Հոկտեմբերի 29-ին համալսարանի նախագահ տոքթ. Նասսար յայտարարած է, որ վերաբացուող կեդրոնը կորիզը պիտի դառնայ Գահիրէի համալսարանին մէջ հայագիտական ուսմանց բաժանմունքի մը, թէ՝ պիտի հրաւիրուին Հայաստանի Հանրապետութեան, Գահիրէի Հայաստանի դեսպանութեան ու եգիպտահայ համայնքի պատասխանատուները՝ համալսարանի Արուեստից բաժանմունքին մէջ կեդրոնի հանդիսաւոր բացման:
Եգիպտական ՄԵՆԱ գործակալութիւնը այս մասին հաղորդելով՝ տեղեկագրեց, որ Եգիպտոս առաջիններէն եղած էր, որ ճանչցած էր Հայաստանի անկախացումը Խ. Միութենէն, դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած էր, Գահիրէի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւն բացուած էր 1992-ին, իսկ Երեւանի մէջ Եգիպտոսի դեսպանութիւն՝ 1993-ի Մայիսին, աւելցնելով, որ Եգիպտոսի մէջ հայ համայնքին ներկայութիւնը պատմութեան խորքէն կու գայ, որ փարաւոնական ժամանակաշրջանէն աշխոյժ փոխյարաբերութիւններ գոյութիւն ունեցած են Հայաստանի բնակիչներուն հետ: