Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Որպէս եզրափակիչ հանդիսութիւն, երեք օրերու վրայ տարածուած կրօնական, մշակութային եւ ազգային ձեռնարկներուն՝ նուիրուած Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի հիմնադրութեան 350ամեակին, Նոր Ջուղայի «Արարատ» միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիսութիւն, բարձր հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին:

Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, եօթը նախարարներ, Սպահանի առաջնորդ սրբազանը, Թեհրանի եւ Ատրպատականի առաջնորդ սըրբազանները, թեմական իշխանութիւններն ու զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Հանդիսականներուն ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, բաղկացած երգչախմբային ելոյթներէ, պարերէ, մեներգներէ եւ ասմունքներէ: Նոր Ջուղայի վանքին հիմնադրութեան 350ամեակը պատմական ենթահողի վրայ ներկայացուց Թեմական խորհուրդի ատենապետ Նոյէլ Մինասեան: Խօսք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը, որ իր գնահատանքը յայտնեց 400 տարիներ շարունակ իր հայութիւնը պահած ու մշակութային արժէքներ ստեղծած ու պաշտպանած Նոր Ջուղայի հայութեան: Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան, իր խօսքին մէջ կոչ ուղղեց Նոր Ջուղայի հայութեան, առաւել հաւատքով ու նուիրումով շարունակելու մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան նուիրուած իրենց պապերու առաքելութիւնը:
Օրուան խորհուրդով իր պատգամը փոխանցեց Արամ Ա. կաթողիկոս, նախ յիշեցնելով, թէ «ազգեր կ՛ապրին, կը գոյատեւեն ու կը յաւերժանան սրբազան արժէքներով եւ իրենց կեանքը կը լիցքաւորէն ու կը հունաւօրէն այդ արժէքներով»: Խօսելով հայ ժողովուրդի մասին՝ վեհափառը ըսաւ. «Այսօր իւրաքանչիւր հայ իր կեանքին դիմաց ունի չորս սրբազան արժէքներ, որոնք կ՛իմաստաւորէն ու կ՛ուղղեն իւրաքանչիւր հայու եւ ամբողջ ազգի կեանքը: Այդ արժէքներն են՝ եկեղեցի, հայրենիք, մշակոյթ ու պահանջատիրութիւն»: Ապա, հայրապետը իւրաքանչիւր արժէքին անդրադարձաւ շեշտելով անոր իւրայատուկ տեղը մեր ազգային կեանքէն ներս: Յատկապէս պահանջատիրութիւնը լուսարձակի տակ առնելով՝ վեհափառը ըսաւ. «Ինչ որ ալ ըլլան մեզ շրջապատող պայմանները, ուր որ ալ գտնուինք, որքան որ տարիները մեզ հեռացնեն Հայոց Ցեղասպանութեան թուականէն, մենք պիտի մնանք պահանջատէր: Ճիշդ է, Հայաստանը որպէս պետութիւն տարբեր ոճով ու շեշտով կը մօտենայ մեր պահանջատիրութեան, իսկ Սփիւռքը՝ տարբեր: Սակայն խորքը ու նպատակը նոյնն է ու նոյնը պէտք է ըլլայ: Ես մեր ժողովուրդի սրտի թարգմանը ըլլալով կÿըսեմ. մենք չենք կրնար մոռնալ մեր նահատակներուն նուիրական կտակը, մեր ազգին բռնաբարուած իրաւունքները. ցեղասպանը ու միջազգային համայնքը պէտք է միշտ իմանայ, որ մեր ազգը պիտի շարունակէ անտեղիտալիօրէն պահանջել իր բռնաբարուած իրաւունքները»: