Մինչ սուրիական բանակը նկատելի առաջընթաց կ'արձանագրէ Հալէպի մէջ, զինուած ահաբեկչական խմբաւորումները թիրախ կը դարձնեն խաղաղ բնակչութիւնը:
Այս մասին կը յայտնէ «Գանձասար» թերթի խմբագրութիւնը, նշելով թէ Նոյեմբեր 3-ի ուշ գիշերին Հալէպի հայաշատ Ջալաա թաղամասը հրթիռակոծութիւններու թիրախ դարձած է: Հրթիռակոծութեան հետեւանքով նիւթական լուրջ վնասներ արձանագրուած են:
Աղբիւրի տեղեկութիւններուն համաձայն Նոյեմբեր 3-ի երեկոյեան Հալէպի տարածքէն ներս 6 օրուայ ընդհատումէ ետք, վերսկսած է գործել համացանցային կապը:
Նախապէս, Հոկտեմբեր 26-ին, Հալէպի Սրյեն Ժդիյդէ թաղամասին մէջ 2 հրասանդ ինկած էր: Հրասանդները ինկած էին Հուդա Շարաուի դպրոցին վրայ, 3 հոգիի մահուան եւ 24 հոգիի վիրաւորման պատճառ դառնալով: Թաղամասին մէջ կը բնակին բազմաթիւ հայեր, ինչպէս նաեւ այլ քրիստոնեաներ: