Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ֆրեզնոյի Մէջ. Հայոց Ցեղասպանութեան 
նուիրուած յուշարձանի հիմնարկէքի արարողութիւն

Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ գտնուող Սան Խոաքին դաշտին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանին հիմնարկէքի արարողութիւնը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին հաղորդուած է ամերիկեան «Էյ. Պի. Սի. 30» պատկերասփիւռի կայանէն:

Ֆրեզնոյի ճարտարապետներէն Փոլ Հալլաճեանի նախագծած յուշարձանը կը մարմնաւորէ հայ ժողովուրդին համար մշակութային նշանակութիւն ունեցող խորհրդանիշները: Պեթոնէ եւ տուֆէ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի նմանողութեամբ կառուցուող յուշարձանը բաղկացած պիտի ըլլայ ինը սիւներէ, որոնք կը խորհրդանշեն Հայաստանի 6 նահանգ- ները, Կիլիկիան, սփիւռքը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանը պիտի օծուի 24 Ապրիլ 2015-ին:


Լոնտոնի մէջ Կոմիտասի 145ամեակին
նուիրուած համերգ

Հոկտեմբեր 18ին Լոնտոնի Սուրբ Եղիշէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ դասական երաժշտութեան համերգ: Լոնտոնի «Թէքէեան» հիմնադրամը կազմակերպած էր հայ երաժշտութեան երեկոն՝ Մեծ Բրիտանիոյ մէջ առաջին հայկական «Կոմիտաս» երգչախումբի մասնակցութեամբ տօնելու Մեծն Կոմիտասի 145ամեակը:
Թէքէեան հիմնադրամը, որը 1979թ.էն կը գործէ որպէս բարեգործական կազմակերպութիւն եւ կը հանդիսանայ Լոնտոնի Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ Երեւանի «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի հիմնասիւնը, մեծ նուիրումով կը ծառայէ ազգային ինքնութեան պահպանման ու տարածման: Ստեղծումէն ի վեր, այն կազմակերպած է շարք մը համերգներ, ցուցահանդէսներ, հանրային բանախօսութիւններ, դասախօսութիւններ, մշակութային այլ ձեռնարկներ, որոնք կը նպաստեն Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ կապերու ամրապնդման:
Համերգը յագեցած էր կոմիտասեան լաւագոյն եւ հանրայայտ ստեղծագործութիւններով: Բացի «Կոմիտաս» երգչախումբի ելոյթներէն, հանդիսատեսը վայելեց նաեւ տաղանդաւոր անգլիաբնակ հայ երաժիշտներ Անի Բատիկեանի, Թերեզա Գէորգեանի, Քրիստինա Առաքելեանի կատարումները:
Համերգի աւարտին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչ Արա Մարգարեանը, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ վարդապետ Արէն Շահինեանը՝ բարձր գնահատանքի արժանացնելով երգչախումբին եւ մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ ձեռքբերումներ:
«Կոմիտաս» երգչախումբի նախագահ Վարդան Ուզունեան եզրափակեց մշակութային այս ձեռնարկը՝ խրախուսական պատուոյ գիրեր եւ երախտիքի խօսք ուղղելով համերգի բոլոր մասնակիցներուն իրենց նուիրումին եւ ջանքերուն համար, շնորհակալութեան խօսք ուղղելով նաեւ նուիրատուներուն:


Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի յիսնամեակի կալա-ընթրիքը

Տարուան մը վրայ երկարած յիսնամեակի տօնակատարութիւններէ ետք, Ուրբաթ, 31 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլէճը յոբելենական իր տարուան փակումը կատարեց կալա-ընթրիքով մը, որուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան, յիսնամեակի տօնակատարութիւններու նախագահ տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեաններ, հայ պետական եւ ազգային երեւելի դէմքեր, բարերարներ ու բարեկամներ: Երեկոն վայելեց բարձր հովանաւորութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին:
Կալա-ընթրիքին բացումն ու հանդիսավարութիւնը կատարեց քոլեճի նախկին շրջանաւարտ Րաֆֆի Կէօվօղլանեան: Այս առիթով խօսքեր արտասանեցին յիսնամեակի յոբելենական մարմինին անունով՝ նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեան, քոլեճի անցեալի եւ ներկայի տնօրէններ Կարօ Յովհաննէսեան եւ Վիգէն Աւագեան, յիսնամեակի տօնակատարութիւններու նախագահ Սարգիս Կիտցինեան եւ առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:
Խօսքերու կողքին տեղի ունեցաւ յիսնամեակի նախագահ ամոլի պարգեւատրում՝ յատուկ յուշանուէրով: Նոյն առիթով ընթերցուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի Հայրապետական օրհնութեան գիրը՝ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի յիսնամեակին առիթով:
Կալա-ընթրիքի ամբողջ տեւողութեան ընթերցուեցան քոլեճին ի նպաստ աշխարհի տարբեր երկիրներէ կատարուած նուիրատուութիւններու ցանկեր, որոնց միացան քոլեճին Միացեալ Նահանգներու շրջանաւարտներուն եւ յիսնամեակի նախագահ ամոլին կողմէ կատարուած 25 հազարական ամերիկեան տոլարի նուիրատուութիւնները, որոնք կալա-ընթրիքին կատարուած նուիրատուութիւններուն ընդհանուր գումարը հասցուցին 170 հազար ամերիկեան տոլարի:
Կալա-ընթրիքը փակուեցաւ յիսնամեակի կարկանդակի հատումով եւ հայ դպրոցի բարգաւաճման բարեմաղթութիւններու փոխանակումով:


Ճափոնական դեսպանատան ներդրումով՝
«Գարակէօզեան» հիմնարկը կ՛օժտուի նոր սարքերով

Ուրբաթ, 31 Հոկտեմբեր 2014-ին, «Հաուըրտ Գարակէօզեան» կեդրոնին մէջ կատարուեցաւ պաշտօնական բացումը հաստատութեան վերանորոգուած ատամնաբուժարանին՝ նուիրատուութեամբ Ճափոնի դեսպանատան, եւ վերանորոգուած կեդրոնական սրահին՝ նուիրատուութեամբ «Սեն Մարք» ախտաճանաչման կեդրոնին:
Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մէջ Ճափոնի լիազօր դեսպան Սէյչի Օցուքա եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ Ղազար վրդ. Պետրոսեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան ներկայացուցիչ վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան, Լիբանանի առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի ներկայացուցիչ Ռանտա Համատէ, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Նիւ Եորքի «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան կեդրոնական մարմինի գործադիր տնօրէն Իրինա Լազարեան, «Գարակէօզեան» հաստատութեան Լիբանանի խորհրդատու մարմինի անդամները, «Սէն Մարք» ախտաճանաչման կեդրոնի տնօրէն Սէմ Րագուպեան, քոյր բարեսիրական միութիւններու, կազմակերպութիւններու, ազգային կառոյցներու եւ հայկական վարժարաններու տնօրէններ:
Ատամնաբուժարանի կահաւորուած սենեակին բացումը կատարուեցաւ ձեռամբ Ճափոնի դեսպան Սէյչի Օցուքայի, ապա ներկաները հրաւիրուեցան կեդրոնական սրահ, ուր նախ եւ առաջ խօսք առաւ հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան։ Այստեղ պէտք է նշել, թէ «Գարակէօզեան»ը կը գործակցի սոյն բաժանմունքին հետ, եւ շաբաթը երկու օր հաստատութեան մէջ ատամնաբուժական խնամքը կը ստանձնեն այս համալսարանի վկայեալ ատամնաբուժներ:
Ապա խօսք առաւ Ճափոնի լիազօր դեսպան Սէյչի Օցուքա: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ ներկայ է այնպիսի բարեսիրական կեդրոնի մը մէջ, որ 93 տարիներէ ի վեր կը գործէ եւ իր մարդասիրական ձեռքը միշտ կ՛երկարէ վեր բարձրացնելով տկարը, անկեալն ու կարօտեալը:
Խօսքէն ետք Ս. Օհանեան բեմ հրաւիրեց Նիւ Եորքի «Գարակէօզեան» հաստատութեան գործադիր տնօրէն Իրինա Լազարեանը եւ խորհրդատու մարմինի փոխատենապետ Ռաֆայէլ Ումուտեանը, որոնք պատուեցին Ճափոնի դեսպանը՝ անոր յանձնելով շնորհակալական յուշանուէր: Ռաֆայէլ Ումուտեան դեսպանին յանձնեց անգլերէն լեզուով պատրաստուած յատուկ գիրք մը «Տը Արմինիըն Ճենըսայտ. Թեսթիմընիզ աֆ տը այ ուիթնեզ Սըրվայվըրզ» խորագիրով: Ապա Ս. Օհանեան հերթաբար բեմ հրաւիրեց Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Ռանտա Համատէն, «Սեն Մարք» ախտաճանաչման կեդրոնի տնօրէն Սէմ Րագուպեանը եւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի ատամնաբուժական բաժանմունքի գլխաւոր պատասխանատու տոքթ. Ժան Քլոտ Ապու Շըտիտը եւ պատուեց զանոնք շնորհակալական յուշանուէրներով՝ ձեռամբ Իրինա Լազարեանի եւ «Գարակէօզեան» հաստատութեան խորհրդատու մարմինի փոխատենապետ Ռաֆայէլ Ումուտեանի:
Առողջապահութեան նախարարութեան խօսքը փոխանցեց նախարարութեան ներկայացուցիչ Ռանտա Համատէ:
Նախարարութեան ներկայացուցիչը ուրախութեամբ յայտնեց, որ յառաջիկային հաստատութեան հետ իրենց գործակցութիւնը առաւել եւս պիտի սերտանայ, արդիւնաւորուի եւ պտղաբերի:

Անի Քերոբեանին նուագահանդէսը ի նպաստ քաղցկեղէ տառապող երեխաներուն

Վերջերս Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղի «Ուինֆրետ Սմիչ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դաշնակահարուհի Անի Քերոբեանին նուագահանդէսը՝ ի նպաստ քաղցկեղով հիւանդ երեխաներուն:
Ան մեկնաբանեց Պրամսի, Ռախմանինովի, Լիստի, Շումանի եւ Ճելալեանի ստեղծագործութիւններէն: Ձեռնարկին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ սրնգահար Չինկ Էի Ճուտի:
Անի Քերոբեան ունեցած է զանազան բարեսիրական նուագահանդէսները՝ Լիբանանի, Երեւանի, Ֆրանսայի, Քանատայի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ: