Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հոկտեմբեր 29-ին Շուէտի մէջ, երկրի խորհրդարանի` Ռիկստակի նորընտիր խօսնակ Ուրպան Ահլին ընդունեց Շուէտի մէջ պաշտօնավարող ՀՀ դեսպան Արտակ Ապիտոնեանը։

Շնորհաւորելով Ուրպան Ահլինին` պատասխանատու պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ` դեսպան Ապիտոնեանը իրեն փոխանցեց ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահի շնորհաւորական նամակն ու Հայաստան այցելելու հրաւէրը։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ-շուէտական յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերը, կարեւորուեցաւ երկու երկիրներու խորհրդարաններու եւ քաղաքական ուժերու միջեւ համագործակցութեան ընդլայնումը։
Դեսպանը վերահաստատեց ՀՀ կառավարութեան պատրաստակամութիւնը Եւրոպական Միութեան եւ անդամ երկիրներու հետ յարաբերութիւններու խորացման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ յանձնառութիւնը` շարունակելու համակարգային բարեփոխումները ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ պետական արդիւնաւէտ կառավարման մարզերէն ներս: Կարեւոր նկատուեցաւ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորող նոր իրաւական հիմքի մշակումը։