Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Մարդկային Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Սուրիոյ մարմինը կը հաղորդէ թէ տակառներու մէջ պատրաստուած ինքնաշխատ ռումբերու պայթումին պատճառով՝ աւելի քան 10 հոգի իրենց կեանքը կորսնցուցած եւ տասնեակ ուրիշներ վիրաւորուած են, Սուրիոյ մէջ գաղթականներու ճամբարի մը մէջ:

Այս ռումբերը բեռնարկղերու մէջ կը պատրաստուին եւ ուղղաթիռներէ կÿարձակուին: Համացանցի մէջ տարածուած երիզով ցոյց կը տրուին այրած դիակներ եւ օգնութեան աղաղակներ կը լսուին:
Ամերիկեան կառավարութիւնը դատապարտած է ռմբակոծումը, նշելով որ «ցնցուած» է այս կացութենէն:

Թուրքիոյ քիւրտերը հերոսներու ընդունելութիւն վերապահած էին կամաւոր Փեշմերկաներուն համար

Անգարա ստիպուեցաւ ճամբայ բանալ քիւրտ կամաւորներուն

Աննախադէպ տեսարաններու առջեւ գտնուեցան թրքական իշխանութիւնները, երբ ժողովրդային մեծ խանդավառութեամբ, Թուրքիոյ քիւրտերը ընդունեցին աւելի քան 150 զինեալ կամաւորները, որ Իրաքէն դէպի Քոպանի կÿուղղուին:

Թրքական ոստիկանութիւնը քիմիական կազեր օգտագործեց ժողովուրդը ցրուելու համար, սակայն ապարդիւն: Անոնք դրօշակներով եւ ուրախ բացագանչութիւններով ընդունեցին զինեալները: Նուսայպինի քիւրտ քաղաքապետը զինուորական ինքնաշարժի մը վրայ ելած՝ ժողովուրդի ներկայութիւնը կÿողջունէր: 
Արեւմուտքի ճնչումներուն տակ Թուրքիա ստիպուեցաւ ճամբայ բանալ քիւրտ կամաւոր զինեալներուն առջեւ, որպէսզի ուղղուին դէպի Քոպանի: Նախապէս քիւրտ ժողովուրդի զայրոյթը յառաջացուցած էր՝ սահմանները բանալու Թուրքիոյ մերժումը: