Կը նախատեսուի տարածաշրջանային մշակութային միութեան կազմին մէջ ընդգրկել 17 տեղական հայկական կազմակերպութիւններ
Խրիմի հայերը կ'ուզեն մշակութային ինքնավարութիւն ապահովել։ Ուքրանիական Commentary կայքէջը կը յայտնէ, որ Խրիմի հայ համայնքի
համագումարը որոշած է ձեւաւորել հայկական ազգային մշակութային ինքնավարութիւն։ Այս իմաստով որոշ տեղեկութիւններ հաղորդած է համայնքի ղեկավար Վաղարշակ Մելքոնեանը, խօսելով ռուսաստանեան «Նովոստի» լրատուական գործակալութեան: Ան ըսած է, թէ Ռուսաստանի Դաշնութեան օրէնսդրութեան համապատասխան, տարածաշրջանային ազգային մշակութային ինքնավարութիւնը Դեկտեմբեր 13-ին պիտի արձանագրուի Արդարադատութեան նախարարութեան մօտ։ Ան բացատրած է թէ տարածաշրջանային մշակութային միութեան կազմին մէջ պիտի ընդգրկուին 17 տեղական հայկական կազմակերպութիւններ։
Վաղարշակ Մելքոնեան աւելցուցած է, որ ի տարբերութիւն հասարակական կազմակերպութեան կարգավիճակի, տարածաշրջանային ազգային մշակութային ինքնավարութեան կարգավիճակը հայ համայնքին համար նոր հեռանկարներ պիտի բանայ՝ մասնաւորապէս հնարաւորութիւն պիտի տայ ֆինանսաւորում ստանալու հանրապետական կամ դաշնային պետական պիւտճէէն՝ իրականացնելու համար ազգային, մշակութային, պատմական ժառանգութեան, լեզուի պահպանման ծրագրեր։ Պետական միջոցներով հայ համայնքը պիտի կարողանայ հիմնել կրթական և կրօնական հաստատութիւններ:
Ինչ կը վերաբերի Խրիմի հայ բնակչութեան քանակին, Վաղարշակ Մելքոնեան յայտնած է, որ իրենց տուեալներու հիմամբ՝ Խրիմի մէջ կ'ապրի 15-20 հազար հայ: Այսուհանդերձ, աւելի ստոյգ տուեալներ յայտնի պիտի դառնան մարդահամարի կազմակերպումէն յետոյ:
Ռուսաստանի մէջ ազգային մշակութային ինքնավարութիւններու ինստիտուտը հաստատուած է 1996 թուականին։ Ազգային փոքրամասնութիւններուն այդ հնարաւորութիւն կուտայ ինքնուրոյն զարգացնել իրենց մշակոյթը, ազգային կրթութիւնը եւ պահպանել ազգային լեզուն։
Ռուսաստանի մէջ արդէն մի քանի հարիւր նմանատիպ մշակութային ինքնավարութիւններ կան ու կը գործեն։