Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Լիպիան 42 տարի շարունակ բռնատիրական իր իշխանութեան տակ պահած Մոամմար Քատաֆի երէկ իր ծննդավայր Սըրթի մէջ սպաննուեցաւ, երբ ըմբոստներու ուժերը գրաւեցին քաղաքը: 69-ամեայ Քատաֆի արաբ առաջին ղեկավարն է, որ «Արաբական գարուն»ի ընթացքին կը սպաննուի: Սպաննուեցան նաեւ անոր որդիները՝ Մոհթասեմն ու Սէյֆուլ Իսլամը:

Լիպիոյ վարչապետ Մահմուտ Ժըպրիլ մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «այս պահուն երկար ատենէ ի վեր սպասեցինք, Մոամմար Քատաֆի սպաննուած է»:
Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, Քատաֆի շքախումբով մը փորձած է փախուստ տալ Սըրթէն, սակայն ՆԱԹՕ-ի օդուժին կողմէ յարձակումի ենթարկուած է: Ըստ այլ տեղեկութեանց, ըմբոստներն են, որոնք յարձակում գործած են անոր շքախումբին վրայ: Հետագային «Սումուտ» պատկերասփիւռի կայանը սփռեց վիտէօ երիզ մը, որ ցոյց կու տար, թէ Քատաֆի իր սպանութենէն առաջ ձերբակալուած է:
Անոր դիակը փոխադրուեցաւ Միսրաթա, որ իր ուժերուն կողմէ ամիսներով պաշարուած եւ բուռն ռմբակոծումներու ենթարկուած էր:
Քատաֆիի ճակատագիրին շուրջ հակասական տեղեկութիւններ հաղորդուեցան: Միսրաթայի զինուորական խորհուրդը յայտարարեց, որ իր զինեալները ձերբակալած են Քատաֆին, իսկ մարտական այլ ղեկավար մը յայտնեց, որ Քատաֆի սպաննուեցաւ, երբ իր շքախումբը օդային յարձակումի ենթարկուեցաւ: Մարտական այլ բանբեր մը «Ժազիրա»ին յայտնեց, որ Քատաֆի վիրաւոր էր եւ փորձեց դիմադրել, ուստի ըմբոստները ստիպուեցան զինք սպաննել: «Բոլորին կը վստահեցնեմ, որ այս պատմութիւնը վերջ գտած է եւ գիրքը՝ փակուած», ընդգծեց բանբերը:
Իտալիոյ վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնի յայտարարեց, որ «Լիպիոյ պատերազմը վերջ գտաւ»: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտարարեց, որ Քատաֆիի սպանութեամբ Լիպիոյ մէջ պատմական շրջադարձ մը արձանագրուած է: «Հուրրա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սպիտակ տան կարծիքով՝  Լիպիոյ հարցը վճռուեցաւ, երբ Թրիփոլի գրաւուեցաւ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա իր կարգին յայտնեց, որ Քատաֆիի սպանութեամբ Լիպիոյ պատմութեան մէջ ցաւալի էջ մը կը փակուի:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Չորեքշաբթի օր Լիպիա այցելելով յոյս յայտնած էր, որ Քատաֆի ձերբակալուի կամ սպաննուի: