Իտալիոյ Քալիարի քաղաքին մէջ կազմակերպուած միջազգային գիտաժողովի մը ընթացքին քննարկուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը գիտաժողովի բանախօսներէն էր Իտալիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Սարգիս Ղազարեանը, որ իր խօսքին մէջ ներկաներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ժամանակակից յարձակողապաշտ քաղաքականութեան վրայ, նշելով, թէ Թուրքիա ոչ միայն կը մերժէ իր գործած ոճիրը, այլեւ պատմութեան ներկայ դասագիրքերով կը խաղաթիւրէ պատմական փաստերը: Անդրադառնալով Ատրպէյճանին, Սարգիս Ղազարեան նշած է որ այս պետութեան հետ Հայաստանի բարդ յարաբերութիւնները պայմանաւորուած են ատրպէյճանական կողմի մնայուն սպառնալիքներով:
Գիտաժողովին ներկայ եղած են Քալիարիի քաղաքապետ Մասիմօ Զետան, «Արմէնփրէս»ի տնօրէն Արամ Անանեանը, Քալիարիի համալսարանի հետազօտող Նիքոլա Մելիս, ռազմական լրագրող Թալալ Խրայիս, հայկական ծագումով սուրիացի լրագրող Նաման Տարչան, խմբագիրներ եւ լրագրողներ, որոնք իրենց զեկոյցներուն մէջ անդրադարձած են Թուրքիոյ օգնութեամբ իսլամիստներու յարձակումներուն Սուրիոյ մէջ, ծանրանալով Քեսապի պարագային:
Հռոմի մէջ Թուրքիոյ դեսպանութիւնը եւ իր յարակից կառոյցնե-րը մի քանի անյաջող փորձեր կատարած են ձախողեցնելու համար միջազգային հաւաքի կազմակերպումը: Անոնք նոյնիսկ փորձած են համոզել Քալիարիի քաղաքապետը, որպէսզի գէթ անձնապէս չմասնակցի հաւաքին, այսուհանդերձ ճնշումները մնացած են ապար- դիւն եւ Քալիարիի քաղաքապե- տական ղեկավարութիւնը որեւէ ձեւով տեղի չէ տուած ճնշումներուն, իսկ քաղաքապետը ներկայ գըտ-նուած եւ խօսք առած է հաւաքին ընթացքին: