
Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներ եւ Մեծն Բրիտանիոյ, Պուլկարիոյ, Սթոքհոլմի, Կիպրոսի, Ֆրանսայի եւ Լիբանանի ՀՕՄի Մեկուսի եւ Շրջանային վարչութիւններն ու անդամները մասնակցեցան ՀՕՄ-ի միջ-վարչական երկրորդ ժողովին՝ Լոնտոնի մէջ
Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան եւ Մեծն Բրիտանիոյ ՀՕՄի մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, Հոկտեմբեր 18-19, 2014ին տեղի ունեցաւ ՀՕՄի միջ-վարչական երկրորդ ժողովը՝ Լոնտոնի «Նաւասարդեան» Հայ Կեդրոնէն ներս:
Միջ-վարչական ժողովը կայացաւ ՀՕՄ-ի Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Սթոքհոլմի, Կիպրոսի, Պուլկարիոյ եւ Լիբանանի Շրջանային եւ մեկուսի վարչութիւններու եւ անդամ ընկերուհիներու ներկայութեամբ, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամուհիներու եւ ՀՅԴի Անգլիոյ ներկայացուցիչներու:
Երկօրեայ ժողովը բացուեցաւ ՀՕՄի քայլերգի երգեցողութեամբ, որմէ ետք ՀՕՄ-ի Մեծն Բրիտանիոյ մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ Ժանէթ Մարտիրոսեան բարի գալուստ մաղթեց եւ իր խօսքը փոխանցեց ներկաներուն: Ժողովի բացմանը ՀՅԴ-ի պատգամը ներկաներուն փոխանցեց՝ դոկտ. Հրաչ Պօղոսեանը:
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի՝ Վիգի Մարաշլեան եւ Կ.Վ.ի անդամներ Ալեսիա Բեջանեան, եւ Լիզա Աւագեան, ներկայացուցին ՀՕՄի համահայկական ծրագիրները եւ կազմակերպութեան գործունէութիւնը: Իսկ համացանցի միջոցաւ կապ հաստատուեցաւ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան յանձնախումբերու ատենապետուհիներուն հետ, որոնք ներկաներուն զեկուցեցին ՀՕՄի ՄԱԿի, Ռազմավարական Ծրագրումի եւ Դրամահաւաքի յանձնախումբերուն աշխատանքներուն մասին:
Առաւելաբար, Հալէպէն կապ հաստատեց Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Զեփիւռ Է. Րէիսեան, որ զեկուցեց Սուրիոյ նոր մարտահրաւէրներուն եւ երկրին կենցաղային դժուարութիւններուն մասին, կեդրոնանալով ՀՕՄի տարած օժանդակութեան աշխատանքներուն վրայ:
Ներկաներուն առիթ տրուեցաւ հարցումներու եւ իրենց մտահոգութիւնները արտայայտելու: Ապա, իւրաքանչիւր ՀՕՄի միաւոր ներկայացուց իր շրջանի գործունէութեան տեղեկագիրը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ տեղական յաջողութիւններուն, հարցերուն, եւ մարտահրաւէրներուն:
Ժողովը կեդրոնացաւ յատկապէս Եւրոպա հաստատուած Սուրիահայ գաղթականներու հիմնախնդրին վրայ: Ներկաները նաեւ արտայայտեցին իրենց մտահոգութիւնները եւ ներկայացուցին առաջարկներ՝ ՀՕՄի շարքերը երիտասարդականացնելու գծով:
Շաբաթ երեկոյեան, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն տէր եւ տիկին Ատոմ եւ Սելլա Թընճուքեաններուն բնակարանէն ներս: Իսկ Կիրակի, Հոկտեմբեր 19, 2014ին նշուեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ ՀՕՄի Մեկուսի մասնաճիւղի 32ամեակը: Ձեռնարկին բացումը կատարեց Մեծն Բրիտանիոյ ՀՕՄի վարչութեան անդամ՝ Ժագլին Գարանֆիլեան, որուն յաջորդեց մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ Ժանէթ Մարտիրոսեան եւ իր պատգամը փոխանցեց հիւրերուն:
Մասնաճիւղին տօնակատարութեան առթիւ, Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան կողմէ խօսք առաւ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի՝ Վիգի Մարաշլեանը: Ծայրագոյն Վարդապետ՝ Հայր Արէն Շահինեանը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայ կնոջ դերին մասին եւ շնորհաւորեց ՀՕՄի մասնաճիւղը այս ուրախ առիթով: Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան խորհրդական՝ պրն. Արա Մարգարեան: Պրն. Մարգարեան իր շնորհաւորական խօսքերով բարձր գնահատեց ՀՕՄի աշխատանքը: Լոնտոնի Իլինկ շրջանի երեսփոխան՝ տիար Սթիվըն Փաունտը եւ ան իր քաջալերական խօսքը փոխանցեց Հայ Օգնութեան Միութեան եւ համայնքի բոլոր ներկայացուցիչներուն:
Անդրադառնալով Եւրոպայի մէջ կայացած միջ-վարչական ժողովին, Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի՝ Վիգի Մարաշլեան ըսաւ. «ՀՕՄի միջ-վարչական երկրորդ ժողովը ընթացաւ յաջողութեամբ, որուն ընթացքին Հայ Օգնութեան Միութեան շրջանային եւ մեկուսի վարչութիւններու անդամներուն ներդրումով կարելի եղաւ թարմացնել շըրջաններուն միջեւ համագործակցութեան ոգին, մշակել նոր գաղափարներ արդի միջոցներով իրականացնելու համար ՀՕՄի համա-հայկական ծրագիրները: Այս ժողովը իւրայատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Սուրիահայութիւնը յուզող հարցերուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ ծրագրուած ՀՕՄի ձեռնարկներուն: Ներկաները մեծ խանդավառութեամբ եւ նոր շունչով կը վերադառնան ետ»:
Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան
եւ մեկուսի ու շրջանային վարչութիւններու անդամները
Լոնտոնի «Նաւասարդեան» Հայ Կեդրոնէն ներս