Ամերիկայի թրքական լոպպիները հրաւիրուեցան պայքար մղելու Ամերիկայի հայկական ու յունական լոպպիներուն դէմ եւ կասեցնելու անոնց նոր արշաւը, որ ծնունդ առած է Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ ընդունուած թիւ 4347 բանաձեւէն:
Այս բանաձեւը օրակարգի վրայ կը բերէ Թուրքիոյ եւ Կիպրոսի մէջ թուրքերու կողմէ բռնագրաւուած հազարաւոր եկեղեցիներու խնդիրը, կ՛առաջարկէ, որ այդ եկեղեցիներուն ցանկը պատրաստուի ու Թուրքիայէն պահանջուի, որ վերադարձնէ այդ եկեղեցիները:
Հայկական ու յունական լոպպիները այժմ տենդագին աշխատանք կը տանին, որպէսզի յանձնախումբին կողմէ ընդունուած այս բանաձեւը բերուի Քոնկրեսի ընդհանուր նիստին: Հայկական լոպպիները ներկայիս Թուրքիան կ՛ամբաստանեն հազարաւոր եկեղեցիներու վրայ ձեռք դնելու ու զանոնք քանդելու մեղադրանքով:
Համացանցի վրայ թրքական լրատու աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական ու յունական լոպպիներու այս աշխատանքին դիմադրելու եւ անոնց աշխատանքը կասեցնելու հրաւիրուեցան Միացեալ Նահանգներու թրքական լոպպիները ու Ամերիկայի մէջ ապրող թուրքերը: Միացեալ ազգերու թրքական համացանցը հրատարակեց անգլերէն նամակներու օրինակներ, որպէսզի թուրքերը այդ նամակները գրի առնեն ու իրենց ստորագրութիւններով ղրկեն քոնկրեսականներուն եւ յայտնեն, որ իրենք բացարձակապէս սխալ կը գտնեն պատրաստուած բանաձեւը, իրենց կարգին, հայերն ու յոյները հրաւիրեն մահմետականներէ գողցուած սրբատեղիները, Հայաստան դադրեցնէ մահմետական կամ եզիտիներու վրայ գործադրուած տանջանքները:
ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ