Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ՊՈԼԻՍ - Էթիեն Մահչուփեան Նշանակուած Է Թուրքիոյ Վարչապետի Գլխաւոր Խորհրդական

«Էրմենիհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ պոլսահայ գրող, լրագրող, հրապարակախօս Էթիեն Մահչուփեան նշանակուած է Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի գլխաւոր խորհրդական:


Ան սիւնակագիր եղած է թրքական ընդդիմադիր «Զաման» օրաթերթին մէջ, ապա տեղափոխուած է իշխանամէտ «Աքշամ» օրաթերթ: Մահչուփեան անդամ է քրտական հարցի կարգաւորման առաջարկներու մշակման համար 2013-ին ստեղծուած «Իմաստուններու խորհուրդին», որուն մէջ ներառուած են ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու, գիտական ու լրագրական շրջանակներու աւելի քան վեց տասնեակ ներկայացուցիչներ:
Իշխանամէտ օրաթերթերէն «Սապահ»-ը կը գրէ, որ նախկին վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի՝ հայութեան յղած ցաւակցական ուղերձէն ետք Տաւութօղլուի խորհրդականի պաշտօնին ազգութեամբ հայու նշանակումը կարեւոր քայլ է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը զարգացնելու համար:
Ըստ «Սապահ»-ի, Մահչուփեան այդ պաշտօնը ստանձնելու առաջարկը ստացած է անձամբ վարչապետէն‘ անցեալ շաբաթ, երբ տեղի ունեցած է «Իմաստուններու խորհուրդի» հերթական ժողովը, որուն աւարտին Տաւութօղլուն հանդիպած է Մահչուփեանի հետ եւ անոր առաջարկած ստանձնել գլխաւոր խորհրդականի պաշտօնը: Մահչուփեան ընդունած է առաջարկը եւ նշանակուած է:
Տաւութօղլու կարեւոր նկատած է Մահչուփեանի ունեցած ներդրումը Թուրքիոյ ժողովրդավարացման, քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորման, պետական ու հանրային նիւթերու մէջ կառուցողականութեան դրսեւորման գործին մէջ: Կը նշուի նաեւ, որ Մահչուփեան դերակատարութիւն պիտի ունենայ հայկական հարցի կարգաւորման գործին մէջ, մանաւանդ որ Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք «Ակօս» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրի պարտականութիւնները կատարելու ընթացքին արդէն ձեռք բերած էր հանրային լայն ճանաչում:

Թուրքիոյ Հայկական Դպրոցները 
Կառավարութենէն Մրցանշային Յատկացում Ստացած Են

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը երկրին մէջ ապրող ազգային փոքրամասնութիւններու դպրոցներուն 9 միլիոն 500 հազար թրքական լիրա յատկացուցած է, ինչ որ մրցանշային թիւ է հանրապետութեան պատմութեան մէջ:
Այդ օժանդակութեան 7 միլիոն 843 հազար թրքական լիրան յատկացուած է հայկական դպրոցներուն:
Ընդհանուր առմամբ, գումար յատկացուած է 18 դպրոցի, որոնց մեծ մասը հայկական է:
ՕԺանդակութիւն ստացած են Տատեան, Եշիլքէօյի, Թարգմանչաց, Եսայեան, Կեդրոնական, Սահակեան-Նունեան, Լեւոն Վարթուհեան, Արամեան, Ֆերիքէօյի, Գարակէօզեան, Ս. Խաչ եւ Քալֆայեան հայկական դպրոցները:

 

ՊՈՒԼԿԱՐԻԱ - Պուլկարիոյ լրագրողներու միութեան Փլովտիվի մասնաճիւղը խստօրէն դատապարտած է  Տէր Զօրի Հայկական եկեղեցւոյ պայթեցումը

Պուլկարական Փլովտիվ քաղաքի «Եւրոփրես» լրագրողներու միութիւնը յայտարարութիւն մը տարածած է, ուր խստօրէն կը դատապարտէ Տէր Զօրի «Սրբոց Նահատակաց» հայկական եկեղեցւոյ պայթեցումը: Տեղեկութիւնը կը փոխանցէ Փլովտիվի Հ.Բ.Ը.Մ.ի պաշտօնաթերթ «Բարեգործականի Ձայն» երկշաբաթաթերթը: Յայտարարութիւնը կազմուած է պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Հռիփսիմէ Էռնիասեանի նախաձեռնութեամբ եւ «Եւրոփրես» լրագրողներու միութեան ատենապետ Գէորգի Նայդենովի անմիջական մասնակցութեամբ, ու միաձայնութեամբ հաստատուած է միութեան ղեկավար մարմնի նիստի ժամանակ:
Յայտարարութիւնը ղրկուած է նաեւ Պուլկարիայի լրագրողներու միութեան Կեդրոնական ղեկավար մարմնին, յոյս յայտնելով որ իրենք եւս կը միանան հայկական եկեղեցւոյ աւերումը դատապարտող գրութեան:

 

ԿԼԵՆՏԷՅԼ - Պերճ Աբգարեան՝ Հայաստանի Պատուոյ Հիւպատոս Ֆրեզնոյի Մօտ

Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսարանը կը տեղեկացնէ, թէ Ֆրեզնոյի մէջ տեղի ունեցած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի առաջին պատուոյ հիւպատոսի գրասենեակի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրամանով, պատուոյ հիւպատոս նշանակուած է Պերճ Աբգարեանը:
Ան նշած է, որ իր նպատակնէ սերտացնել յարաբերութիւնները Ֆրեզնոյի եւ Հա-յաստանի միջեւ, նպաստելով մշակութային եւ գործարար կապերու աշխուժացման: