1964 - 2014 յուշամատեանի շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 24 Հոկտեմբեր 2014ին, Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վերա Եագուպեան, որ նշեց, թէ յիսնամեակը դպրոցին ջամբած ազգային ոգին եւ նուիրեալ հայու վերարժեւորման առիթ է:
Ան նշեց, որ քոլեճը միշտ ալ ունեցած է որակաւոր եւ թանկագին ուսուցիչներու փաղանգ մը:
Գեղարուեստական յայտագիրին ասմունքով իրենց մասնակցութիւնը բերին Ցոլեր Պուտաքեան «Յիսնամեակ» քերթուածով եւ Նաթալի Քելխաչերեան «Լուսաբաց» քերթուածով, իսկ քոլեճի երգչախումբը ներկայացուց «Մայրենի լեզու» խմբերգը՝ խմբավարութեամբ ուսուցիչ Գայեանէ Մարկոսեանի:
Այս առիթով ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ վաստակաշատ խմբագիր, հրապարակագիր, քոլեճի 1969-ի շրջանաւարտ Նազարէթ Պէրպէրեան, որ նկատել տուաւ, թէ Սոֆիա Յակոբեան իր ծնունդով ծանրութեան կեդրոն դարձաւ Պուրճ Համուտի մէջ: Քոլեճը հպարտութիւն ներշնչած է ու կը ներշնչէ հաւաքական կեանքի ճառագայթումին վրայ իւրաքանչիւր հայու մտքին ու հոգիին մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ պատահական ձեւով Պուրճ Համուտը չդարձաւ սփիւռքի սիրտը, եթէ հիւղաւաններու մէջ մեր հայրերը չստեղծէին նախակրթարաններ, եթէ կարիքը չզգային կրթութեան, ո՛չ ուսուցիչներ, ո՛չ տնօրէններ, ո՛չ ոք կը պատկերացնէր, թէ ի՛նչ պիտի փոխուէր այդ դպրոցի ստեղծած բոյրով: Արեւմտահայերէնի ծարաւ ունէինք, սեփական պայմաններով հոգեմտածողական պայմաններու լոյսի տաճար, որ իրականացաւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի ստեղծումով: Բուռ մը հայեր լոյսի տաճար ստեղծեցին: Այսքան արագ ընթացող հայութեան կեանքի վերիվայրումներուն մէջ այս դարբնոցը հայկական ինքնութեան որակ մը եղաւ, պուրճհամուտեան ինքնութիւն մը, որ հպարտութեամբ կը նայի իր կենսունակութեան մտածողութեան: Սոֆիա Յակոբեանի շրջանաւարտներու, ուսուցիչներու, ուր ալ հանդիպինք, պիտի տեսնենք հայու հպարտութիւնը, ինքնավստահութիւնը, որ գոյութեան պայքարի մէջ կը մեծցնէ մեզ ազգովին: Պէրպէրեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով, թէ հպարտութեան շքանշան թող ըլլայ յիսնամեակը:
Այս առիթով Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան ելոյթ ունեցաւ եւ ըսաւ, թէ քոլեճը մասնակից է ազգային շունչի պահպանման գործին եւ հայ նկարագիր դարբնելու աշխատանքին:
Բեմ բարձրացան քոլեճի հին ու նոր տնօրէնները՝ Կարօ Յովհաննէսեան, Վիգէն Աւագեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանը, տէր եւ տիկին Կիտցինեաններ (յուշամատեանի մեկենաս ամոլը), եւ տեղի ունեցաւ գինեձօնը յուշամատեանին, որմէ ետք առաջնորդ սրբազանը ելոյթ ունեցաւ: