Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Պաշար Ալ Ասատի սուրիական ուժերը ռազմական եւ կազմակերպչական աջակցութիւն կÿընձեռեն քիւրտերու պաշտպանութեան գործին մէջ, զօրակցելով Քոպանիի մէջ իսլամականներուն դէմ պայքարող խումբերուն: Այս յայտարարութիւնը կատարեց Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Ալ Զոհպի:

«Սուրիա իր զինուած ուժերով եւ օդանաւերով ռազմական եւ կազմակերպչական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Քոպանիի, ինչպէս նաեւ զէնք ու զինամթերք կը հայթայթէ քաղաքի պաշտպանութեան համար» ըսած է նախարարը, Սուրիոյ հեռատեսիլէն կատարելով իր յայտարարութիւնները:
2013ի գարունէն ետք իսլամականները յաջողեցան հիւսիսային եւ արեւելեան Սուրիոյ մէջ կարեւոր տարածքներ գրաւել, նախքան Սեպտեմբեր 16էն ետք Քոպանիի դէմ սանձազերծած յարձակումը:
Ճիհատականները քրտական ուժերու ծանր դիմադրութեան հանդիպեցան: «Քոպանիի մէջ պատերազմի սկիզբէն ի վեր պետութիւնը առանց յապա- ղումի ստանձնեց իր ռազմական-քաղաքական, ընկերային եւ մարդասիրական դերակատարութիւնը, պաշտպանելով Սուրիական քաղաքը եւ իր բնակիչները» դիտել տուած է նախարարը:
Ըստ յունական defencenet կայքէջի հաղորդումին, ճիհատականները ամիսէ մը ի վեր կը գերիշխեն Քոպանիի տարածքի 50 առ հարիւրին վրայ: Այս ժամանակամիջոցին քաղաքէն փախուստ տուած է բնակիչներու մեծ թիւ մը, շուրջ 300.000 եւ աւելի քան 700 հոգի իրենց կեանքը կորսնցուցած են: