Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հոկտեմբեր 20-ի երեկոյեան, Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկչեան Վանքը առլեցուն էր Նոր Ջուղայէն, Շահինշահրէն եւ Թեհրանէն ի մի եկած ուխտաւոր հայորդիներով, ովքեր համախմբուած էին տօնելու Վանքի «Ս. Յովսէփ Արեմաթացի» եկեղեցւոյ կառուցման 350-ամեակը եւ անուանակոչութեան, միաժամանակ Ս. Ամենափրկչեան վանքի տօնը:

Ժամը 18:20-ին սկսաւ Ս. Պատարագի արարողութիւնը. պատարագիչն էր Սպահանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ գերշ. Տ. Բաբգէն եպս. Չարեան, որ հոգեւորականներու դասի եւ Արմէն Ամիրխանեանի ղեկավարութեամբ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարող Ս. Ա. Վանքի «Կոմիտաս» երգչախումբի ուղեկցութեամբ թափօր կազմած, մուտք գործեց «Ս. Յովսէփ Արեմաթացի» եկեղեցի՝ եպիսկոպոսական հոգեպարար արարողութիւնը կատարելու: Պատարագի ընթացքին, եկեղեցւոյ զանգերու ղօղանջի ներքոյ, Թեհրանի եւ Ատրպատականի հայոց թեմերու առաջնորդներու եւ հոգեւորականներու դասի ուղեկցութեամբ, հանդիսաւոր կերպով եկեղեցի շնորհ բերեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ արժանաւոր գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսը եւ նախագահեց արարողութեան:
Ս. եւ անմահ Պատարագի աւարտին, Ս. Խորան բարձրացաւ շնորհազարդ Վեհափառ Հայրապետը, եւ շրջապատւած հոգեւորականաց եւ դպրաց դասերով, Ս. Յովսէփ Արեմաթացիի աջ-մասունքով Ջրօրհնէք կատարեց: Ներկայ հաւատացեալները ստացան օրհնուած ջուրէն, այն համոզումով, որ ինչպէս աղօթքի բառերն կÿըսեն, անիկա պիտի ըլլայ հիւանդներու առողջութեան եւ ցաւերու փարատման միջոց:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, բազմաթիւ հայորդիներու ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր՝ բաղկացած ազգային-ժողովրդական երգերէ, զորս կատարեցին «Կոմիտաս»» երիտասարդական երգչախումբն ու համայնքի պատանի երգչուհիներ՝ ղեկավարութեամբ Արմէն Ամիրխանեանի:
Ծրագիրը առաւել հարստացաւ Հայաստանի հանրապետութեան վաստակաւոր արտիստ, երգչուհի Աննա Մայիլեանի անզուգական կատարումներով:
Հաղորդավարութիւնը կատարեց Ատրինէ Ղեւեան, որ գեղարուեստական յայտագրէն ետք բեմ հրաւիրեց թեմակալ առաջնորդ գերշ. Տ. Բաբգէն եպս. Չարեանը:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը համառօտ ակնարկ ունեցաւ «Ս. Յովսէփ Արեմաթացի» եկեղեցւոյ շինութեան վերաբերեալ եւ շեշտեց հայութեան ինքնութեան պահպանման գործին մէջ անոր ունեցած դերակատարութեան մասին. ան իր հպարտութիւնը յայտնեց Սպահանի հայոց դարաւոր թեմի առաջնորդը ըլլալու համար, որով ի զօրու է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը՝ հայ ժողովուրդի գոյութեան ամրապնդման ուղղութեամբ ծառայութիւնը, ի կատար ածել:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսն իր հայրապետական օրհնութիւնը բերաւ ներկաներուն՝ դրուատելով Նոր Ջուղայի անցեալի ու ներկայի ունեցած աւանդը հայապահպանման գործին մէջ եւ շեշտեց. «Նոր Ջուղան անցեալ չէ, այլ՝ ներկայ եւ ապագայ… Նոր Ջուղայի պատմութեան մէջ Ս. Ամենափրկչեան վանքն իր առանցքային տեղն ու դերը ունեցած է. այս եկեղեցին իր կեանքով ու հաւատքի վկայութեամբ, 400 տարիներէ ի վեր դարձած է կենդանի եւ կենդանարար ներկայութիւն… Հետեւաբար, այսօր մենք կը տօնախմբենք Նոր Ջուղայի համայնական կեանքը, որովհետեւ եկեղեցին ու ժողովուրդը դարձած է մէկ ամբողջութիւն»: Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքի մէջ աւելցուց. «Մենք այսօր նաեւ կը տօնախմբենք այս մէկ բուռ հողի վրայ 400 տարիներ շարունակ մշակոյթ կերտած մեր ժողովուրդի զաւակներու փառահեղ կեանքը… Մեր ժողովուրդի կեանքի մէջ Նոր Ջուղան կը նշանակէ մշակոյթ՝ բառի գերազանց եւ հարազատ իմաստով»: Նորին Սրբութիւնը իր խօսքի մէջ անդրադառնալով գաղթի երեւոյթին, կոչ ուղղեց Իրանի իսլամական հանարապետութեան տարածքի մէջ ապրող բոլոր հայորդիներուն՝ չլքել իրենց գաղութները՝ օտար երկիրներ չուելու: Ան յորդորեց՝ ամուր կառչած
եւ հաւատարիմ մնալ սփիւռքի դարաւոր եւ հաստատւած համայնքներուն, նշելով, որ հեռանալու պարագային միայն դէպի հայրենի երկիր ներգաղթելու ճանապարհն է արդարացի:
Վեհափառ Հայրապետը «ասպետ»-ի շքանշանով պարգեւատրեց ազգայիններ՝ Վրէժ Տէր Մարտիրոսեանը, Գարեգին Մարկոսեանը, Հրայր Շահնազարեանը եւ Ժորժիկ Աբրահամեանը:

ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻ ՈՒ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԴԵՐԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՇԵՇՏՈՒԵՑԱՒ

Երկուշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը ընկերակցութեամբ առաջնորդ սրբազաններուն եւ թեմի թեմական ու պատգամաւորական ժողովներու ներկայացուցիչներուն՝ այլցելեց Նոր Ջուղայի Ազգային Կրթահամալիրը:
«Հայ դպրոցը իր հայակերտումի առաքելութեամբ միշտ կը մնայ առանցքը մեր ինքնութեան ու հզօրութեան», շեշտեց Վեհափառ Հայապետը, Նոր Ջուղայի ազգային միացեալ վարժարաններու աշակերտութեան ուղղելով իր խօսքը: Շուրջ ժամ մը տեւողութեամբ, հայ վարժարաններու աշակերտները իրենց երգերով ու ասմունքներով խանդավառ մթտնոլորտ մը ստեղծեցին դպրոցի շրջափակէն ներս, ի յարգանս Նորին Սրբութեան օրհնաբեր այցելութեան: Յաջորդաբար խօսք առին Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետն ու Առաջնորդ Սրբազանը: Իր օրհնութեան խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը յիշեցնելով հայ դպրոցին վիճակուած առաքելութիւնը յատկապէս Սփիւռքի ապահայացնող պայմաններուն, ըսաւ. «Հայ դպրոցի ճամբով մենք ոչ միայն գիտելիք կÿամբարենք, այլ նաեւ կը բացուինք մեր արժէքներուն, աւանդութիւններուն ու ձգտումներուն: Հայ աշակերտը հայօրէն կը կազմաւորուի: Ահա թէ ինչու դաստիարակիչ դեր ունի հայ դպրոցը: Այս նախանձախնդրութեամբ մենք պէտք է մօտենանք հայ դպրոցին՝ աշակերտ, ծնողք, ուսուցիչ թէ հոգաբարձու: Սփիւռքի դժուար պայմաններուն մէջ ջարդերէն յետոյ եկեղեցւոյ կողքին, հայ դպրոցը դարձաւ մեր գոյութեան ամրոցը: Հետեւաբար ամէն
զոհողութիւն պէտք է կատարել հայ դպրոցը պահելու համար ու կենսունակ իր առաքելութեամբ»: Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց տնօրէնութեան, ուսուցիչներուն ու կրթական մարմինին, հայ դպրոցին գծով իրենց կատարած անխոնջ աշխատանքներուն համար: