Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ֆրանսայի Համահայկական հիմնադրամի աշխատանքով եւ Հայաստանի ու Արցախի ի նպաստ կազմակերպուող տարեկան Թելեթոնի կազմակերպումէն առաջ, Հայաստան այցելեց աշխարհահռչակ մոտել, հաղորդավարուհի ու Կարմիր խաչի դեսպան Ատրիանա Սքլենարիքովա-Քարեմպէ:

Երկրին աւելի մօտէն ծանօթանալու նպատակով, ան իր աջակցութիւնը կը բերէ իր համբաւով, նուիրուածութեամբ եւ առատաձեռնութեամբ: Ատրիանային կ'ուղեկցի իր ամուսինը՝ ֆրանսահայ գործարար, ծնունդով Երեւանցի Արամ Օհանեան:
Իրենց կեցութեան ընթացքին, Ատրիանան եւ Արամը տարբեր վայրեր կ'այցելեն, տեսնելու համար Տաւուշի եւ Օշականի մէջ յատկապէս այն վայրերը, ուր կ'իրագործուին Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի աշխատանքները: Զոյգը այցելեց նաեւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւն եւ տեսակցեցաւ նախարարուհի Հրանուշ Յակոբեանի հետ: