Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմին մօտ կանգնած քաջատեղեակ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Քոնկրեսի եւ հայ համայնքի երկար ամիսներու ճնշումներու որպէս արդիւնք, Սպիտակ Տունը վերջապէս որոշած է ցուցադրութեան դնել Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու գորգը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայ Դատի ԱՄՆ յանձնախումբը:
«Նախագահը յստակ որոշում ունի կայացնելու: Եթէ Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու գորգը հրապարակայնօրէն ցուցադրելու մասին նախագահ Օպամայի որոշումը իրական առաջընթաց կը խորհրդանշէ, ապա ան այսուհետեւ պարզ եւ ազատօրէն կը խօսի Հայոց Ցեղասպանութեան` այն ահասարսուռ, բայց դեռ անպատիժ մնացած յանցագործութեան մասին, որու հետեւանքով ստեղծուեցաւ այն (գորգը)»,- յայտարարեց Հայ Դատի ԱՄՆ յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանը:
Ան միաժամանակ նկատել տուաւ, որ եթէ, ընդհակառակը, ԱՄՆ նախագահի որոշումը ամերիկացի ժողովուրդին տուած խոստումէն խուսափելու հերթական ժեստն է, ապա անմիջապէս պարզ պիտի դառնայ Օպամայի հետագայ գործելակերպին ընդմէջէն: