Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Կիպրոսի կաթողիկոսական փոխանորդ՝ Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Ալեմէզեան եւ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ՝ Վարդգէս Մահտեսեան այցելութիւն մը տուած են Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատիսի։

Պետական ներկայացուցիչը ներկայացուցած է առաջնորդ Սրբազան հայրը, յայտնելով թէ ան միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական հարուստ փորձառութեամբ եկած է Կիպրոս եւ արդէն իսկ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ միջ-յարաբերական բոլոր նախաձեռնութիւններուն։
Հանրապետութեան նախագահը հակիրճ կերպով պարզած է Կիպրոսի ներկայ քաղաքական եւ տնտեսական իրավիճակը եւ մեծ գովեստով խօսած է կիպրահայութեան՝ երկրի յյառաջդիմութեան բերած նպաստին մասին: