Խմբագրական յատուկ մարմնի մը վստահուած եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան հսկողութեան տակ, լոյս տեսաւ 40 էջերէ բաղկացեալ, օֆսէթ տպագրութեամբ, պատկերազարդ, գունաւոր կողքով եւ ճոխ բովանդակութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պաշտօնաթերթի նոր թիւը։
Պաշտօնաթերթը լոյս կը տեսնէ ամէն ամիս եւ կ'անդրադառնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հարուստ եւ փառաւոր անցեալին, լայն տեղ տալով յուշագրութիւններու, դաստիարակիչ յօդուածներու եւ մանաւանդ կ'արտայայտէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի խօսքը ուղղուած սկաուտներու, մարզիկներուն, անդամներուն եւ երիտասարդ գաղափարապաշտ սերունդներուն։
Սկաուտական, մարզական, տեղական եւ միազգային առողջապահական, երիտասարդական բաժիններով, ժամանցի խաղերով փնտռուած հրատարակութիւն մը, որը ամէն հայ ընտանիքէ ներս պէտք է որ ունենայ իր յստակ տեղը։
Գնահատանքի արժանի գործ մըն է եւ մանաւանդ պակաս մը որ իր լրումին հասաւ եւ անկասկած թէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան համար նոր բարենիշ մըն է ասիկա։
Ստանալու համար հեռաձայնել 210 9224143 հեռաձայնի թիւին։