Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ՊԱՐԷՏ ՄԱՐՈՆԵԱՆԻ  «1915-Ի ԿԻՆԵՐԸ»

Արդէն դարձած է հանրայայտ անուն մը հայ սփիւռքի տարածքին, իր կատարած խիստ կարեւոր աշխատանքով. վաւերագրական սեսաերիզներով ցոյց տալու հայկական ողբերգութիւնը՝ տեղահանութիւնն ու ցեղասպանութիւնը։

Պարէտ Մարոնեան գրկբացօրէն ընդունուեցաւ բոլորին կողմէ։ Ան իր առաջին գործով իսկ “Ցեղասպանութեան Որբերը“ ներկայացումով թրջեց աչքերը բազմահարիւր հայ հանդիսականներուն, որոնք արդէն դարձած են երրորդ սերունդ ցեղասպանութեան վերապրողներու։
Պէյրութէն մինչեւ Ամերիկայի ամէն անկիւն՝ ուր կ’ապրին հայեր խուռներամ եկան դիտելու Պարէտի բացայայտող այն պատկերները, որոնք եղան ճակատագիրը 1915ի սուրբ նահատակներուն։ Արդէն անոնք սրբացած էին այդ օրերուն իսկ, հայ քրիստոնէութեան ամուր կառչելու անսասան իրենց հաւատքին համար, անտասելով ամէն զրկանք ու չարչարանք յանուն իր հաւատքին։
Սեպտեմբեր 13, 2014, Շաբաթ երեկոյեան ազգային բարերար տէր եւ տիկին Էտուըրտ եւ Գարմէն Կիւլպէնկեաններու Նիւ Եորքի ապարանքին մէջ ցուցադրուեցաւ նախապատրաստական արձանագրութիւնը այս նոր արտադրութեան։ Հաւաքուած էին ծանօթ ազգայիններ եւ ներկայացուցիչներ Թէքէեան Մշակութային եւ Հայ Օգնութեան միութիւններէն, որպէս նախաներկայացում ունկնդրելու այն ծրագիրը, որուն պատրաստութեան համար ան կ’աշխատի իր բնակավայրէն՝ Ֆլորիտայէն։
Հայ կինը իր բոլոր երեսներով. մայրը, գեղջուկը, հայրենասէրը, ֆէտային, հասարակական գործիչը, ուսուցիչը, դիւանագէտը, արուեստագիտուհին … եւ վերջապէս գաղթական հայ մայրը՝ ծոցին շալկած իր զաւակը, երբեմն առանձինն անապատի աւազին վրայ քալելով մինչեւ Եփրատի ափերը … խօսելով ու երգելով իր զաւկին հայերէն լեզուով, որպէսզի ան չմոռնայ իր մայրենին։
Այս վաւերագրական ժապաւէնն է 1915ի տառապեալ հայ իգական սեռին, իր բոլոր երեսներովը։ Աննման աշխատութիւն մը, որ կը կարօտի բոլորիս անմիջական օժանդակութեան, նիւթական ներդրումին եւ այնուհետեւ տարածումի աշխատանքին։ Վերջապէս ամէն հայու գուրգուրանքին արժանի աշխատանք մը, որուն համար միայն կրնանք շնորհակալ ըլլալ հեղինակէն՝ Պարէտ Մարոնեանէն։

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

-----------------

Դոկտ. Ճուտիթ Քրիսփի Ներկայացուց Նախիջեւանի Խաչքարերու 3D-ով Վերակենդանացման Ծրագիրը

Հովանաւորութեամբ Աւստրալիահայ թեմի առաջնորդին եւ կազմակերպութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Աւստրալիոյ Կեդրոնական յանձնախումբին «Վերակեդանացնել Ջուղայի Խաչաքարերը» խորագիրով դասախօսութիւն մը տեղի ունեցաւ Հայ առաքելական Ս. Յարութիւն եկեղեցոյ «Էտկարեան» սրահին մէջ:
Դասախօսութեան ներկայ էին թեմի առաջնորդ Հայկազուն եպս. Նաճարեան, Պարթեւ քհնյ. Գարագաշեանը, Ցեղասպանութեան 100ամեակի Աւստրալիոյ Կեդրոնական յանձնախումբի անդամներ, գաղութին մէջ գործող կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ աւելի քան 150 հայորդիներ, որոնք եկած էին ունկնդրելու դոկտ. Ճուտիթ Քրիսփինի շահեկան դասախօսութիւնը: Դոկտ. Քրիսփի գործադիր տնօրէնուհին է Manning Clark House հետազօտական կեդրոնին:
Բացման խօսքը ընթերցեց Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Վաչէ Գահրամանեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա ամփոփ ձեւով ներկայացուց օրուան դասախօսին կենսագրականը:
Դոկտ. Քրիսփին, որ հետազօտական կեդրոնի իր պաշտօնակիցներէն Տիոն Մաքլարիի հետ ճամբորդած էր Հայաստան, դասախօսութեան առաջին բաժինին մէջ խօսեցաւ Հայաստանի քաղաքական եւ տնտեսական իրավիճակին մասին, յատկապէս անդրադառնալով ժողովուրդի դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Ապա ան խօսեցաւ իր պատրաստած ծրագիրին մասին:
Դասախօսուհին եւ իր անձնակազմը պիտի աշխատին կեանքի կոչելու 3D արդիական միջոցներով Ջուղայի (Նախիջեւան) շրաջնի գերեզմանոցներէն մէկը, որուն մէջ կային աւելի քան 2000 խաչքարեր եւ որոնք վայրագօրէն աւերուած են Ա-տըրպէյճանի իշխանութեանց կողմէ: Այս ծրագիրի գործնական հանգրուաններուն ընթացքին դոկտ. Քրիսփի կարգ մը դժուարութիւններու դիմաց գտնուած էր: Ան տեղեկացուց, թէ երբ ծրագիրը իր աւարտին հասնի ժողովուրդը առիթը պիտի ունենայ տեսնելու եւ վայլելու Ջուղայի խաչքարերը՝ 3D միջոցներով: Խաչքարերը մնայուն կերպով պիտի ցուցադրուին Հայաստանի եւ Աւստրալիոյ թանգարաններուն մէջ, իսկ ծրագիրի անձնակազմը պիտի շրջի Եւրոպայի եւ Ամերիկայի ցամաքամասերը առիթ ընծայելու համար համայն հայութեան ըմբոշխնելու այս հսկայ ծրագրին արդիւնքը:
Խօսք առաւ նաեւ Տիոն Մաքլարի եւ յաւելեալ բացատրութիւններ տուաւ իր եւ դոկտ. Քրիսփի առաքելութեան մասին:
Դասախօսութեան աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ առաջնորդ սրբազանը: Ան հայ ժողովուրդի անունով խոր շնորհակալութիւն յայտնեց դոքթ. Քրիսփիին իր տարած աննախընթաց գործին համար: Ան նաեւ շեշտեց մեր յաւերժականութեան բանալիին՝ հայ մշակոյթին կարեւորութիւնը:

-------------
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս
Կը Պարգեւատրէ Ս. Վարդանանց
Երգչախումբի Ղեկավարը

Պոլսոյ «Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբ»ը այս օրերուն կը գտնուի Լիբանան, «Համազգային»ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան հրաւէրով: Կիրակի, 5 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, երգչախումբը այցելեց Անթիլիաս եւ կատարեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի պատարագի երգեցողութիւնը, ղեկավարութեամբ Բրշ. Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի: Այս մասին կը հաղորդէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը:
Պատարագէն ետք, երգչախումբը ներկայ գտնուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի 85-րդ տարեշրջանի ուսումնական-կրթական բացման հանդէսին:
Հանդիսութեան աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս գնահատելով «Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբ»ի ղեկավար՝ Բրշ. Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի երկար տարիներու ծառայութիւնն ու վաստակը հայ երաժշտութեան մարզէն ներս, զինք պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշանով:

------------------

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ
ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՆ 
ՏԷՐ ԶՕՐԻ ՄԱՏՐԱՆ ԱԿԱՆԱՀԱՐՈՒՄԸ

Արամ Ա. Կաթողիկոս, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի գրասենեակին մէջ, ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Իրանի նորանշանակ դեսպան Մուհամմատ Ֆաթըհ Ալիի:
Ծանօթացման այս առաջին հանդիպումի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով տեղեկութիւն տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան մասին, թէ՛ շրջանէն ներս եւ թէ՛ միջազգային մակարդակի վրայ: Ուշադրութեան յատուկ առարկայ դարձաւ Իրանի հայկական գաղութը: Նորին Սրբութիւնը եւ դեսպանը ողջունեցին իրանահայութեան կազմակերպ կեանքը եւ կենսունակ մասնակցութիւնը Իրանի բարեզարդման աշխատանքներուն:
Ապա, անոնք արծարծեցին Միջին Արեւելքի ներկայ ընդհանուր կացութիւնը: Բաժնելով Արամ Ա. Կաթողիկոսի տեսակէտը, դեսպանը եւ Նորին Սրբութիւնը դատապարտեցին Տէր Զօրի Նահատակաց մատուռի ականահարումը եւ շեշտեցին ծայրայեղականութեան դէմ պայքարելու հրամայականը:

--------------------------

ՄԱԼԱՊԱՐ ՀՆԴԻԿ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ

Ա րամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հնդիկ Մալապար Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պետ՝ Ն.Ս. Պասիլիոս Մարթոմա Տիտմոս Ա. Կաթողոկոսին եւ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց պատասխանատուն՝ Աբրահամ Վրդ. Թովմասը, որ նամակ մը յանձնեց Վեհափառին: Մալապար Եկեղեցւոյ պետը նամակին մէջ կþառաջարկէ Վեհափառին, որ իր ունեցած տարիներու փորձառութեան լոյսին տակ՝ օգտակար հանդիսանայ Հնդիկ եւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ առկայ տագնապին բարւօք լուծման: