Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ 7 Հոկտեմբերին հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի իր պաշտօնակից Լորան Ֆապիւսի հետ։ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն՝ քննարկուող հարցերուն կարգին էր Արցախեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը:
«Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ Պաքու եւ Երեւան տուած Մայիսեան այցելութիւններու ծիրին մէջ առաջարկած է իր հայ եւ ատրպէյճանցի գործընկերներուն Փարիզի մէջ հանդիպում կազմակերպել՝ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման նոր ուղիներ գտնելու համար: Այս է նախարարներ Ֆապիւսի եւ Նալբանդեանի հանդիպման քննարկման հիմնական նիւթերէն մէկը», գրուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Վերջին ամիսներուն ընթացքին կայացած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու երկու հանդիպում: Մէկը կազմակերպուած էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի նախաձեռնութեամբ 10 Օգոստոսին Սոչիի մէջ, իսկ միւսը՝ Ճոն Քերիի առաջարկութեամբ, 4 Սեպտեմբերին Ուելզի մէջ: Նախագահներուն երրորդ հանդիպումը նախատեսուած է Հոկտեմբերի աւարտին, Փարիզի մէջ: