Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ՄԱԿի Մարդու Իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակը մտահոգութիւն յայտնած է «Իրաքի եւ Լեւանտի իսլամական պետութիւն» իսլամիստական կազմակերպութեան կողմէ Տէր Զօրի հայկական եկեղեցւոյ պայթումին առընչութեամբ:

«Արմէնփրէս» կը հաղորդէ թէ յանձնակատարի խօսնակ Ռուփերթ Քոլվիլ նշած է, որ Սուրիոյ մէջ կառավարական եւ հակակառավարական կողմերու շարունակական բախումներու արդիւնքով կ'ոչնչացուին կրօնական եւ հնագիտական շատ վայրեր:
Խօսնակ Քոլվիլ ընդգծած է, որ այս տարուայ ընթացքին զգալիօրէն աճած են Սուրիոյ մէջ հակակառավարական զինեալ ուժերու յարակումները կրօնական անձերու եւ շինութիւններու դէմ, մասնաւորապէս՝ եկեղեցիներու: Ան յայտնած է որ սուրիական կառավարական ուժերը կը շարունակեն զինուորական յարձակումները մշակութային շինութիւններու տարածքէն տեղադրել եւ անոնք փոխադրել ռազմային շրջաններու մէջ:
ՄԱԿի փախստականներու հարցով գերագոյն յանձնակատարի խօսնակը իր մտահոգութիւնը յայտնած է այն փաստի առընչութեամբ, թէ մինչեւ օրս կը շարունակուին անհետացած համարուիլ Հալէպի սուրաիական ուղղափառ եւ յոյն ուղղափառ արքեպիսկոպոսներ Եոհաննա Իպրահիմն ու Փոլ Եազիգին՝ առեւանգուած 2013 թուականի Ապրիլին, ինչպէս նաեւ հայր Փաոլօ Դալլ Օգլիոն՝ առեւանգուած 2014 թուականի Յունուարին:
«Մենք կ'ընդգծենք, որ կրօնաւորները եւ կրօնական շինութիւնները միջազգային մարդասիրական օրէնքով երաշխաւորուած յատուկ պաշտպանութեան տակ են եւ պէտք է յարգանքի արժանանան ու պաշտպանուին բոլորի կողմէ» յայտարարած է Քոլվիլ: