Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Մարդու իրաւունքներու ոտնահարման անգերազանցելի արարքներ տեղի կ՛ունենան Հալէպի, ի մասնաւորի Նոր Գիւղի շրջանին մէջ: 

Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ Զարմիկ Պօղիկեան։

Աղբիւրին համաձաձայն, հայահոծ այս տարածքը կ՛ենթարկուի հաբեկչական վայրագ գործողութիւններու: Նոր Գիւղը թիրախ դարձուցած ահաբեկչական զինեալ ընդդիմութեան հրոսակներու ինքնութեան մէջ յստակօրէն կարելի է տեսնել թրքական ներգործութիւնը:

Napalm նիւթի օգտագործում

Հայերուն պատկանող բնակարաններ կը հըրկիզուին՝ միջազգայինօրէն արգիլուած Napalm նիւթով, որ գործածուեցաւ 2 Հոկտեմբեր 2014-ին, Հալէպի Նոր Գիւղի շրջանին մէջ:
Napalm-ը 1960-ական թուականներուն գործածուած էր Վիեթնամի պատերազմին, իսկ 2014ին՝ «Նոր Գիւղի պատերազմին»…:
Նախորդ Չորեքշաբթի կէսօրուան ժամերուն կազի տակառ մը ցնցած էր Նոր Գիւղի Ազգ. Զաւարեան վարժարանի թաղը, որուն արդիւնքով նահատակուած էր թաղեցի արաբ երիտասարդ մը եւ վիրաւորուած էին երկու հայորդիներ:
Վիրաւորներուն վիճակը մտահոգիչ չէ:
Քաղաքին մէջ լարուած վիճակը կը շարունակուի: