Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ֆրանսայի արտաքին գործոց եւ միջազգային զարգացման նախարար Լորան Ֆապիւս Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1ին անդրադարձած է Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ վրայ կա- տարուած յարձակումին՝ խստօրէն դատապարտելով կատարուածը:

«Կը դատապարտեմ հայ համայնքին համար մեծ խորհուրդ ունեցող Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ քանդումը: Ֆրանսան կ՛ողջունէ սըրբավայրերու նկատմամբ հանդուրժողականութեան եւ յարգանքի համար պայքարելու բոլոր հոգեւոր առաջնորդներու յանձնառութիւնը», ըսած է նախարարը, ըստ Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանատան:
Լորան Ֆապիւս նաեւ շեշտած է, որ սուրիական եւ իրաքեան մշակութային ժառանգութիւնները սպառնալիքի տակ են: «Մշակութային ժառանգութիւնը պաշտպանելու պարտաւորութեան թերացումը պատերազմի յանցագործութիւն է, որուն պատասխանատուները պիտի պատժուին Միջազգային քրէական դատարանին կողմէ: ՄԱԿի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութեան հետ միասին, Ֆրանսան մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան մասին համաձայնագիրները յարգելու կոչ կ՛ընէ», աւելցուցած է նախարարը: