Շուէտի խորհրդարանին՝ Ռիքստակի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ ընտրութիւններու իբրեւ արդիւնք Կանաչներու կուսակցութեան անդամ Իզապել Տինկիզեան ընտրուած է խորհրդարանի փոխնախագահ:
Խորհրդարանի նախագահ ընտրուած է Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութենէն Ուրպան Ալինա, առաջին փոխնախագահ դարձած է Չափաւորական կուսակցութենէն Թոպիաս Պիլսթրեմ, իսկ երկրորդ փոխնախագահ՝ Շուէտի ժողովրդավարներ կուսակցութենէն Պիոռն Սիոտեր: Տինկիզեան երրորդ փոխնախագահն է:
Հայազգի Իզապել Տինկիզեանը 2006-էն ի վեր անդամ է Շուէտի խորհրդարանին: Ան խորհրդարանին մէջ անդամ եղած է մշակութային հարցերու յանձնախումբին, փոխ անդամ՝ շարք մը յանձնախումբերու մէջ, ներառեալ՝ աշխատանքի շուկայի եւ կրթութեան յանձնախումբերուն:
Տինկիզեան ընտրուած է Սթոքհոլմ գաւառի խորհուրդի ընտրամասէն: