Ցնցուած ու խորապէս վրդոված է համայն հայաշխարհը Սուրիոյ Տէր Զօրի Սուրբ Նահատակաց եկեղեցւոյ ականահարումով՝ իսլամ ծայրայեղականներու «Իսլամական պետութիւն» կոչուող կազմակերպութեան կողմէ: Եկեղեցական այս համալիրը, որ կառուցուած է ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն հայ անմեղ զոհերուն, խորհրդանշական սրբավայր է ամբողջ հայ ազգին համար:
Համացանցի մէջ ի յայտ եկած է Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ
պայթեցումէն յետոյ առաջին լուսանկարը:
Ինչպէս յայտնի է պահպանուած են միայն եկեղեցւոյ գմբեթը
եւ հիմնասիւները, իսկ պատերը հիմնովին քանդուած են:
Քաղաքական-կրօնական շրջանակներու դատապարտումին յաջորդեց Ամերիկացի քոնկրեսականներու կողմէ դապարտումը։
Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ֆրենք Փալոն յայտարարած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակը յաւերժացնող այս եկեղեցիին քանդումը պէտք է արժանանայ միջազգային հանրութեան խիստ արձագանգին: Իր կարգին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան յայտարարած է, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին տեղի ունեղած «անհանդուրժողութեան այս թունաւոր արարքին մէջ» Թուրքիոյ մեղսակցութիւնը յստակ է։
Տէր Զօրի հայկական եկեղեցւոյ ականահարումը Սուրիոյ տարածքին մէջ ողբերգական դէպք մըն է: Այդ մասին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Քաթրին Լիչ:
Բրիտանացի դիւանագէտին խօսքով՝ ինք մտահոգ է, որ այսօրուան դրութեամբ Սու- րիոյ կրօնական խճանկարը ոչնչացման եզրին է:
«Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող կրօնական համայնքները վտանգուած են: Ներկայիս միջազգային հանրութիւնը կը փորձէ ընդունելի ռազմավարութիւն գտնել այս վիճակէն դուրս գալու համար», ընդգծեց Քեթրին Լիչ: