Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

1915-1923 թուականներու ընթացքին  հայ, յոյն եւ ասորի ժողովուրդներու ցեղասպանութեան պատմական փաստին  անդրադարձաւ  Աւստրալիոյ Սենատէն ներս իր ելոյթի ժամանակ աւստրալիացի սենաթոր Նիք Քսենոֆոնը՝ պնդելով, որ երկրի խորհրդարանի Վերին Պալատը պէտք է ճանչնայ մարդկութեան դէմ կատարուած այս յանցագործութիւնը որպէս ցեղասպանութիւն:


Ինչպէս կը հաղորդէ Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը  «Նույնիսկ զոհերու յստակ թիւերը յայտնի չեն, սակայն մօտաւոր հաշուարկով Օսմանեան կայսրութեան համակարգուած եւ նպատակադրուած գործողութիւններու զոհ գնաց շուրջ 3.5 միլիոն մարդ»,- ըսած է ան:
Սենաթորը ըսած է, որ օրէնսդրական նախագիծի մը շուրջ պիտի շարունակէ աշխատիլ հայ եւ յոյն համայնքներուն  հետ: