Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրեսի քաղաքային խորհուրդը մերժեց այն նախագիծը, որ կ՛առաջարկէր քաղաքի Քոլրէի շրջանին մէջ «Ատրպէյճանի Հանրապետութիւն» անունով հրապարակ մը կառուցել:

Ըստ «Արմէնփրես»-ի, օրէնքի նախագիծը քննարկման առաջին իսկ վայրկեանէն արժանացաւ արժանթինահայ համայնքի քննադատութեան ու անոր ջանքերուն եւ աշխուժութեան շնորհիւ կարելի դարձաւ բացայայտել Ատրպէյճանի յօրինած սուտն ու կեղծիքը:
Խնդիրը այն է, որ նախագիծը նուիրուած էր Ազրպէյճանի Հանրապետութեան, ի պատիւ այն բանին, որ իբրեւ թէ Հայաստան, Ատրպէյճանը ներքաշելով ղարաբաղեան պատերազմին, մթագնած է այդ երկրի անկախութեան առաջին տարիները: Սակայն վերջին տարիներուն, Ատրպէյճան, իբրեւ շրջանին մէջ խաղաղարար գործունէութիւն ծաւալող պետութիւն, ամէն ջանք կը գործադրէ շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու եւ իր ժողովուրդին համար տնտեսական եւ քաղաքական կայունութիւն ապահովելու:
Պուէնոս Այրեսի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար Քարոլինա Գարակէօզեան առաջինն է, որ ներկայացուց հարցը Պուէնոս Այրեսի քաղաքային խորհուրդի անդամներուն՝ ներկայացնելով իրական փաստեր Ատրպէյճանի այսպէս կոչուած «ժողովրդավարութեան եւ խաղաղասիրութեան մասին»:
Մտավախութիւն կայ, որ նման անմեղ նախագիծով Ատրպէյճան կը ձգտի փրկել իր դէմքը, բարձրացնել վարկը եւ քողարկել մարդկային իրաւունքներու մնայուն խախտումները, որոնք կը կատարուին այդ երկրին մէջ: Արժանթինի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատունը յատուկ բացուեցաւ, որպէսզի անոնք կարենային դէմ դնել տեղւոյն արժանթինահայերուն, որոնք աշխուժ պայքար կը մղեն մարդկութեան դէմ կատարուող յանցագործութիւններու դէմ», ըսաւ Գարակէօզեան՝ աւելցնելով, որ թէեւ Ատրպէյճան կը ներկայացնէ, թէ շրջանին մէջ խաղաղարար առաքելութիւն կը ծաւալէ, սակայն իրականութեան մէջ կը խոչընդոտէ աշխատանքը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն, որոնք կ՛ուզեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծել խաղաղ հիմքերով: «Բացի ատկէ, Ատըրպէյճանի նախագահը 3 Սեպտեմբերին յայտարարեց, որ Թուրքիոյ նախագահին հետ կը շարունակէ 2015-ին ընդառաջ զարգացնել այն սուտը, որ 100 տարի առաջ Հայոց ցեղասպանութիւն չէ եղած: Նման յայտարարութիւններն ու նման դիրքորոշումը պէտք է անընդունելի ըլլայ Պուէնոս Այրեսի համար: Պուէնոս Այրես չի կրնար ընդունիլ նման նախաձեռնութիւն եւ տուրք տալ ատրպէյճանական քարոզչութեան, յատկապէս այն ժամանակ, երբ քաղաքը կը նախապատրաստուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին», ըսաւ Գարակէօզեան:
Ան յիշեցուց, որ ատրպէյճանցի դիւանագէտները երկու տարի առաջ կը ձգտէին իրականացնել այսպիսի նախագիծ մը, որ սակայն տապալեցաւ: Իսկ 2010-ին կը ձգտէին Պուէնոս Այրեսի մէջ տեղադրել Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի արձանը, որ նոյնպէս արժանացաւ կառավարութեան մերժումին:
Հայ համայնքի բարձրացուցած աղմուկէն ետք Ատրպէյճանի հրապարակի անուանակոչութեան նախագիծի հեղինակ Ալեքսանտրա Քապալերօ ներողութիւն խնդրեց եւ յայտարարեց, որ ապագային այդ նախագիծը այլեւս երբեք պիտի չներկայացնէ քննարկումի:
«Արժանթինահայերը ինծի համար հարազատ մարդիկ են: Ես անոնց հետ կը կիսեմ իրենց ցաւն ու այն յիշողութիւնը, որ անոնք ունեցան 99 տարիներ առաջ ցեղասպանութեան պատճառով: Ես այդ նախագիծը սխալմամբ ստորագրած եմ, ես կը ցանկայի, որ Պուէնոս Այրեսի մէջ այլ երկիրներ ալ ունենան իրենց փոքրիկ հարթակը եւ այլ նախագիծերու կողքին՝ ստորագրած եմ նաեւ Ատրպէյճանի նախագիծը: Ես ներողութիւն կը խնդրեմ այն անձերէն, որոնք իմ սխալիս եւ անտեղեակութեանս պատճառով վիրաւորուեցան եւ խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ իմ ընկերներուս, որոնք ինծի տեղեկացուցին ու ներկայացուցին իրականութիւնը եւ թոյլ չտուին աւելի մեծ սխալ գործել», ըսաւ Քապալերօ: