Ռապաթի մէջ գտնուող մզկիթը կարող է վերագտնէ իր նախկին տեսքը: Այն ուսումնասիրելու համար պատմական Ռապաթ այցելեց Թուրքիայէն ժամանած պատուիրակութիւնը, որոնց հիւրընկալեց Ախալցխայի եւ Տաօ-Կլարջեթիի միտրոպոլիտ Հայր Թէոդորէն:
Նշուածի շուրջ արդէն կայացած է հանդիպում Վրաստանի պատրիարքարանին մէջ: Թուրքիայի կրօնական հարցերու վարչութեան ղեկավար Մեհմեդ Գորմիզին եւ Վրաստանի պատրիարք Իլիա II մի քանի հարցերու հետ քննարկեցին նաեւ Ախալցխայի մէջ առկայ Ախմեդիէի մզկիթի վերանորոգման հարցը:
Մեհմեդ Գորմիզին պատրիարքին դիմեց հետեւեալ ձեւով.-
«Դուք Թուրքիա այցելելու ժամանակ տեսաք Օշկիի եւ Իշխանի տաճարները, որոնց վրայ կը կատարուին վերանորոգման աշխատանքներ: Ես կը յուսամ, որ ինչպէս երկու երկիրները կարողացան համաձայնիլ այս յուշարձաններուն շուրջ, այդպէս ալ պիտի ըլլայ Ախալցխայի մէջ առկայ Ախմեդիէի վերանորոգումը եւ Ազիզիէի մզկիթի շինարարութիւնը: Աշխատանքներու ժամանակ երկուքն ալ կը վերագտնեն իրենց նախկին տեսքը»:
Վրաստանի կաթողիկոս պատրիարքը Թուրքիայի կրօնական հարցերու վարչութեան ղեկավարին հետ հանդիպման ընթացքին առաջ բերաւ Թուրքիայի մէջ վրացական եկեղեցիներուն իրաւաբանական կարգավիճակ տալու հարցը եւ պատմական վրացական եկեղեցի-մատուռներուն մէջ պատարագներու կատարման իրաւունքի հարցը:
Ինչպէս նշեց Իլիա II՝ Վրաստանի մէջ կը գործէ 300-է աւելի մզկիթ, իսկ Թուրքիայի մէջ չկայ ոչ մէկ գործող վրացական եկեղեցի: Թուրքիայի մէջ առկայ բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիները՝ յունական, հայկական եւ ռուսական ունին իրաւաբանական կարգավիճակ, բացի վրացականէն:
Մեհմեդ Գորմիզին իր կողմէն յայտարարեց, որ թրքական կողմը կը քննարկէ պատրիարքի առաջարկած բոլոր հարցերը եւ յոյսով է, որ ապագային երկու պետութիւնները կը համագործակցին պատմական յուշարձանները վերականգնելու հարցով:
Այստեղ հարկ է նաեւ նշել, որ պատմական Արեւմտեան Հայաստանի շարք մը հայկական քաղկետոնական եկեղեցիներ Վրաց Ուղղափառ եկեղեցին կը համարէ որպէս իր սեփականութիւնը, որը մեծ հաշւով ձեռք կուտայ թուրքերուն երկու եղբայրական քրիստոնեայ ժողովուրդներու՝ հայերու եւ վրացիներու յարաբերութիւններուն միջեւ սեպ խրելու գործիք: